Նախարար Սապունճեան Հովանաւորեց «Պի. Էյ. Եու.»-ի Եւ Ճարտարարուեստի Մարզին Միջեւ Համաձայնագիրին Ստորագրութիւնը

Ատաուի եւ Սապունճեան կը փոխանակեն ստորագրուած փաստաթուղթը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հովանաւորեց Պէյրութի արաբական համալսարանին («Պի. Էյ. Եու.»)  եւ Ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հետազօտութիւններու հիմնարկին միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` ներկայութեամբ «Պի. Էյ. Եու.»-ի նախագահ Ժալալ Ատաուիի, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի, Ճարտարարուեստի հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Հասան Շերիֆի եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց այլ համալսարաններու հետ ստորագրուած այդ համաձայնագիրին արձանագրած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ նախարարութեան կատարած այս աշխատանքը կը միտի փայլուն ապագայ մը ապահովել Լիբանանին: Ան շեշտեց, որ այս համաձայնագիրները քաղաքացիներուն հաստատ աշխատանքներ պիտի ապահովեն:

Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց աւելի մեծ թիւով համալսարաններ միացնել այդ ծրագիրին:

 

Share this Article
CATEGORIES