Շարպել Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Դեսպան Զասպիքին եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը հսկէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճումին:

Անդրադառնալով հիւսիսային Լիբանանի իրադարձութիւններուն եւ այն մտահոգութիւններուն, թէ Սուրիոյ տագնապը կրնայ ազդել Լիբանանի վրայ` Զասպիքին ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւիրած Ազգային երկխօսութեան նիստը, ինչպէս նաեւ հանդիպումները շարունակելու կարելիութիւնը կը կազմեն երկրին ապահովական կայունութեան իսկական ազդակը:

Նախարար Շարպելի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Նշենք, որ նախարար Շարպելի այցելեց նաեւ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան, որ Շարպելի հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES