Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն համար առ հաշիւ գումարի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը կը մղէ կառավարութիւնը իր աշխատանքին շրջագիծին մէջ շարք մը հարցեր շրջանցելու: Նշենք, որ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Պրազիլ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդունեց Թրիփոլիի քաղաքացիական շրջանակներու պատուիրակութիւններ, որոնք պահանջեցին Թրիփոլիի յատուկ երկխօսութեան նիստ մը կայացնել:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ լիբանանցիները իրարու միջեւ խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակեն ազգային երկխօսութեան միջոցով:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները հաստատ պաշտօնեաներու վերածելու առումով յստակ թիւ մը չճշդելը ընտրական հաշիւներու պատճառով կատարուած է:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ երկրին ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը կրնայ ապահովել պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին նուազեցումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին Աքքարի եւ Հալպայի մէջ զինեալներ ձերբակալած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի միջյարանուանական բախումներուն պարագային իր հիմնական մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր զգուշացուց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն հողերը վաճառելու վտանգէն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ մօտիկ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ 25 յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը ձախող դուրս գայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յոյս յայտնեց, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակումին շուրջ բանակցութիւնները դրական ընթացքի մէջ գտնուին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ղովմի կուսակցութիւնը որոշած է մասնակցիլ Քուրայի մասնակի ընտրութիւններուն: Ղովմի կուսակցութեան առաջադրելիք թեկնածուն հաւանաբար ըլլայ յայտնի գործատէր Ղասսան Ռըզքը:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ երէկ Ժանզուրի եւ Աղա ընտանիքներուն միջեւ անձնական հարց մը վերածուեցաւ զինեալ բախումի: Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը շրջափակեցին դէպքին վայրը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը հրապարակած է այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ իսրայէլեան ուժերը մտահոգ են, որ Հըզպալլա Սուրիայէն «Սքոտ» տիպի հրթիռներ կրնայ ստանալ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Ազգային երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ վտանգի միակ աղբիւրը Հըզպալլան է:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն առումով քրիստոնեայ թէ այլ համայնքներու քաղաքացիներուն վրայ վախ չկայ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրները զարմանք յայտնած են Միքաթիի դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւններուն համար, թէ ան հիւսիսային Լիբանանի մէջ քաղաքացիներ կը զինէ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պահանջած են, որ երեսփոխանական ընտրութեան նոր օրէնքը ըլլայ քրիստոնեայ-իսլամ համախոհութեան արդիւնք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը անդամալուծուած է, իսկ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը վերսկսած է վերջ տալու համար երկրին մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումին:

ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնք մը որդեգրելու շրջագիծին մէջ, Պքերքէի յանձնախումբը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններէն, յայտնեց, որ սուրիական տագնապը կրնայ պատճառ դառնալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումին:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Վատիկանի հետ աշխատանքները կը շարունակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը ամէն գնով յաջողցնել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES