«Դրացի Երկիրները Սուրիոյ Շուրջ Որեւէ Միջազգային Ժողովի Մասնակից Պէտք Է Ըլլան, Եւ Որեւէ Լուսանցքայնացում Կը Մերժենք» Կ՛ըսէ Զիպարի
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իրաքցի պաշտօնակից Հոշիար Զիպարիի հետ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդին պահանջները գործադրելու եւ Սուրիոյ մէջ յարատեւ ժողովրդավարութիւն զարգացնելու հիմնաքարը ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրն է` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը պէտք է ինքնազսպումի եւ առանց արտաքին միջամտութեան երկխօսութեան դիմեն»:
Լաւրով յայտնեց, որ Զիպարիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ շուրջ նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովի հարցը: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրէն դուրս ուժ կիրարկելու ամերիկեան իսկական փափաքի մասին ոչինչ լսած ենք, յատկապէս որ Ապահովութեան խորհուրդը բռնի ուժով վարչակարգերու փոփոխութիւնը պիտի չարտօնէ»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումին յաջորդող հանգրուանին շուրջ ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութեանց մասին կը տարաձայնուի, սխալ է, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հետ վարչակարգերու փոփոխութեան շուրջ մեր քննարկումներուն մասին բոլոր ըսուածները անճիշդ են, եւ մենք այդ ուղղութեամբ չենք աշխատիր»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտնեց, որ «նախ եւ առաջ Իրաք Սուրիոյ իրադարձութիւններով շահագրգռուած երկիր է, որովհետեւ դրացի է եւ անոր հետ 6 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունինք, ուստի այդտեղ պատահած զարգացումները Իրաքի եւ դրացի երկիրներուն վրայ ալ կ՛ազդեն»:
Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «մենք տարաձայնուածին պէս չէզոքներ չենք, մենք ժողովուրդներու քաղաքական ընտրութիւններու ազատութեանց հետ ենք»` աւելցնելով, որ «Լաւրով մեզի Սուրիոյ տագնապին լուծումը Անանի ծրագիրին լոյսին տակ քննարկելու միջազգային խորհրդաժողով գումարելու ռուսական նախաձեռնութեան ծանօթացուց, եւ տեղի ունեցած բոլոր նախարարական ժողովները զօրակցեցան այս ծրագիրին` Սուրիոյ տագնապէն պատուաւոր ելք մը գտնելու համար: Ուստի կը հաստատենք, որ առնչակից երկիրները, մասնաւորաբար դրացի երկիրները, Սուրիոյ շուրջ որեւէ միջազգային ժողովի մասնակից պէտք է ըլլան, եւ այսպիսի ժողովներու մէջ անոնց որեւէ լուսանցքայնացում կը մերժենք»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մեծ պետութիւնները մտադիր են 30 յունիսին Սուրիոյ հարցով Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ նոր հանդիպում մը կատարել: Ըստ դիւանագէտներու, հանդիպումին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ Անանի 6 կէտերէ բաղկացած տապալուած ծրագիրի վերակենդանացումը:
Թէեւ Սուրիոյ հարցով «կապի խմբակ»-ի անդամները հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, սակայն Իրանի մասնակցութեան շուրջ տարակարծիք են: Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա դէմ կ՛արտայայտուին Սուրիոյ ամէնէն մտերիմ դաշնակիցի մասնակցութեան: Այս առիթով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնած է, որ իրանեան կողմի բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը «արդիւնաւէտ» չ՛ըլլար: Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի յայտնած է, որ հանդիպումին մասնակից երկիրներու վերջնական ցուցակը տակաւին չէ որոշուած:
Սուրիոյ ընդդիմադիրները այսօր կը պատրաստուին Պոլսոյ մէջ ժողով գումարելու` համախմբուելու եւ հարթելու համար իրար միջեւ ունեցած տարակարծութիւնները:
Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու ղեկավար Ռոպըրթ Մոտ յայտնեց, որ յոյս ունի, որ Անանի ծրագիրը իրագործուի, սակայն նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումը արգելակեց Անանի ծրագիրին գործադրութեան ուղղութեամբ մեր յառաջդիմութիւնը»:
Մոտ նշեց, որ «Սուրիա նուազ քան մէկ տարի առաջ աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկն էր, իսկ անոր ժողովուրդը` աշխարհի ամէնէն հիւրընկալներէն մէկը»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ մեծ տէրութիւնները հաւանաբար 30 յունիսին Ժընեւի մէջ գումարեն Սուրիոյ շուրջ ժողով մը, որ Ապահովութեան խորհուրդին նման բեմահարթակ մը պիտի ըլլայ, սակայն առանց Ապահովութեան խորհուրդի սահմանափակումներուն: Ան «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Փարիզ մտադիր է սուրիական ընդդիմութիւնը հաղորդակցութեան արդի միջոցներով օժտել»:
Թրքական «Հապերթիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները կը հերքեն բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթի հինգշաբթի օր տարածած այն տեղեկութիւնը, թէ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար թրքական գաղտնի սպասարկութեան միջոցով սուրիացի ընդդիմադիրները կը զինեն:
Պաշտօնատարներէն մէկը յիշեցուցած է, որ Սուրիական ազատ բանակը հիմնականին մէջ կազմուած է Ասատի զօրքերէն դասալիք եղած 66 հազար զինուորներէ, որոնք սուրիական բանակէն հեռացած են իրենց հետ տանելով նաեւ զէնքերը: «Այսօր օգտագործուող զէնքերուն մեծ մասը նոյնինքն սուրիական զէնքերն են, եւ Թուրքիան անոնց զինուելուն համար որեւէ օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր», ըսած է ան եւ նշած, որ Սուրիոյ դրացի որոշ երկիրներու «սեւ շուկաներուն» մէջ զէնքի գինը բարձրացած է, ինչն ալ իրականութեան մէջ մատնացոյց կ՛ընէ, թէ սուրիացի ընդդիմադիրները ուրկէ՛ զէնք ձեռք կը բերեն:
Միւս կողմէ, ռուս լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Սի. Էն. Էն.»-ին յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ մարտական ուղղաթիռներ ծախելու նոր համաձայնութիւններ չէ կնքած` նշելով, որ Ուաշինկթընի մատնացոյց ըրած նոր համաձայնութիւնները կը վերաբերին Ռուսիոյ կողմէ նախապէս ծախուած ուղղաթիռներու, որոնք արդիականացման կ՛ենթարկուէին:
Ամերիկեան վարչակարգէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, մեկնաբանելով այս տեղեկութիւնը, նշեց, որ իր երկիրը ուղղաթիռներուն տարիքով հետաքրքրուած չէ` նշելով, որ հին ըլլան թէ նոր, անոնք կրնան սպաննել:


