Երկիր Մոլորակին Կողքով Մեծ Երկնաքար Մը Անցած Է
«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան երկիր մոլորակին քովէն անցած է մեծ երկնաքար մը, զոր կարելի էր տեսնել անզէն աչքով: ՆԱՍԱ-էն կը յայտնեն, որ երկնաքարի չափը կը գերազանցէ տասը ողիմպիական լողաւազաններու չափը:
Տիեզերական մարմինին լայնքը շուրջ 500 մեթր էր, իսկ երկրէն մօտեցման առաւելագոյն կէտը եղած է 7.5 միլիոն քիլոմեթր, ինչ որ երկրի ու լուսինի միջեւ հեռաւորութենէն 14 անգամ աւելի մօտ է:
Աստղագէտ Ռոպ Մաքնաութ օրեր առաջ յայտնաբերած է երկնաքարը եւ Աւստրալիոյ աստղադիտարանի իր գործընկերներուն հետ հետեւած է անոր երթին: Իր մեծ չափին պատճառով երկնաքարը դասուած է երկիր մոլորակի համար կարողական վտանգ ներկայացնող մարմիններու շարքին:
CATEGORIES Միջազգային

