Արժանթինի Նախագահը Ֆոլքլանտի Կղզիներու Հարցով ՄԱԿ-ին Դիմած Է
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես ՄԱԿ-ի Ապագաղութացման յատուկ կոմիտէին դիմած է` յայտարարելով, որ Ֆոլքլանտի կղզիները Արժանթինի կը պատկանին եւ Բրիտանիոյ տիրապետութենէն դուրս պէտք է գան:
ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն տեղեկութեամբ նախագահը կոմիտէին կոչ ուղղած է կղզիներուն մէջ տեղի ունեցած պատերազմի 30-ամեակին առիթով հարցին վերջնական լուծում տալու համար յատուկ նիստի հրաւիրելու:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Ֆոլքլանտի կղզիներուն մէջ 2013-ի առաջին կիսուն տարածքի հետագայ կարգավիճակին շուրջ հանրաքուէ մը տեղի պիտի ունենայ:
Նշեալ կղզիները քանի մը տասնամեակէ ի վեր Արժանթինի եւ Բրիտանիոյ միջեւ վիճելի տարածք կը նկատուին: 1982-ին երկու երկիրներուն միջեւ 74 օր տեւած պատերազմի մը ընթացքին զոհուած էին 649 արժանթինցի եւ 255 բրիտանացի զինուորներ:
Կղզիներու օրէնսդրական մարմինի ներկայացուցիչ Կէյվին Շորթ յայտարարած է, որ հանրաքուէի ընթացքին կղզիներուն բնակիչները պիտի փարատեն բոլոր կասկածները եւ ապացուցեն, որ բրիտանական տարածքի կարգավիճակը իրենց ձեռնտու է:
«Մենք չենք ուզեր, որ մեզ Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնը ղեկավարէ, եւ ատիկա ակնյայտ է կղզիներ այցելող իւրաքանչիւր անձի համար», ըսած է Շորթ: Ան անհեթեթ նկատած է արժանթինեան իշխանութիւններուն այն յայտարարութիւնները, թէ բրիտանական բանակը կղզիներու բնակիչները «գերի կը պահէ»:
Բրիտանիա 2010-ին կղզիներուն մօտակայ ջուրերուն մէջ քարիւղ որոնելու աշխատանքներու սկսած էր, ինչ որ Արժանթինի հետ լարուածութիւնը սրած էր:
2012-ին ֆոլքլանտեան պատերազմի 30-ամեակին պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը դարձեալ մագլցում արձանագրեց:


