Սպանիա Ճիպրալթարի Անկախութեան Հարցով ՄԱԿ-ին Պիտի Դիմէ

Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպանիա  ՄԱԿ-ին պիտի դիմէ` պահանջելով Ճիպրալթարի անկախութեան վերաբերեալ բանակցութիւններու վերսկսումը:

ՄԱԿ-ի մէջ Սպանիոյ մնայուն ներկայացուցիչը պիտի ներկայացնէ զեկուցում մը, ըստ որուն, Ճիպրալթարի ժայռը Սպանիոյ կը պատկանի եւ Բրիտանիոյ կոչ կ՛ուղղէ վերսկսելու բանակցութիւնները` 2.6 քառ. քիլոմեթր տարածք ունեցող վիճայարոյց տարածքի հետագայ ճակատագիրը յստակացնելու համար:

Սպանիոյ կողմէ նման որոշումին պատճառ դարձած է օրեր առաջ բրիտանացիներու կողմէ իրենց պետական դրօշի եւ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի ժայռին վրայ ցուցադրութիւնը: Սպանիա նաեւ զայրացած է թագաւորական ընտանիքի քանի մը անդամներու` թագուհիին գահակալման 60-ամեակին առիթով Ճիպրալթար «անտեղի» այցելութենէն:

Թէեւ 1713-ին Ութրեխթի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրով Ճիպրալթարը Սպանիոյ տիրապետութենէն դուրս եկաւ եւ ընդմիշտ Բրիտանիոյ յանձնուեցաւ, բայց եւ այնպէս, Մատրիտ մինչեւ օրս չէ հրաժարած զայն վերադարձնելու գաղափարէն:

Share this Article
CATEGORIES