Թուրքիա Հեռահար Հրթիռներ Գնելու Համար 4 Միլիոն Տոլար Նախատեսած Է
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի չորս միլիոն տոլարի հեռահար հրթիռներ գնելու:
Թրքական կառավարութիւնը տակաւին չէ որոշած, թէ անոնք որ երկիրի արտադրութիւն պիտի ըլլան: Տարբերակներու մէջ կը նշուին ամերիկեան «Փաթրիոթ», ռուսական «Էս-400», չինական «Էֆ.Տի.-2000», ինչպէս նաեւ ֆրանս-իտալական համատեղ արտադրութիւն եղող «Իու-ռոսամ Սամփ-Թի» հրթիռները:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարա այս որոշումը տուած է մեկնելով Միջին Արեւելքին մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութենէն:
4 յուլիսին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ հաւաքուելու են պաշտպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ:
Կը նախատեսուի չորս հերահար հրթիռային համակարգեր ձեռք բերել: Մինչեւ օրս թրքական բանակին մէջ նման համակարգեր չեն եղած:

