Միջազգային Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԻ առաջին փոխվարչապետ Շաուլ Մոֆազ յայտարարեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցի վճռումին պահը աւելի քան երբեք մօտեցած է:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական եւ զինուորական հարցերով օգնական Անտրու Շափիրօ յայտարարեց, որ ամերիկեան զէնքերու վաճառքը, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ճափոնի հետ կարեւոր համաձայնագիրներու կնքման պատճառով, այս տարի մրցանիշ մը հաստատած է` հասնելով աւելի քան 50 միլիառ տոլարի: Ան նշեց, որ «30 սեպտեմբերին աւարտող 2012-ի պիւտճէական տարիին ընթացքին 50 միլիառ տոլարը շրջանցեցինք», ինչ որ 2011-ին արձանագրուած վաճառքներուն գումարին համեմատ 70 առ հարիւրի յաւելում մըն է: 2011-ին այդ գումարը 30 միլիառ տոլար էր:
CATEGORIES Միջազգային

