Հետաքրքրական Լուրեր

ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ կառավարութիւնը յայտնած է, որ յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին ծխախոտի տուրքը պիտի բարձրացուի 40 առ հարիւրով` նպատակ ունենալով կրճատել երկրին մէջ ծխողներու թիւը: Ատոր իբրեւ արդիւնք ծխախոտի մէկ տուփի գինը 2016-ին պիտի հասնի 15 տոլարի: Նոր Զելանտա կը ծրագրէ մինչեւ 2025 դառնալ ամբողջութեամբ ծխախոտէ զերծ երկիր եւ հետեւողականօրէն կը բարձրացնէ ծխախոտի գինը: Այլ որոշումով մը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ այս տարուան յուլիսէն, խանութներու եւ կրպակներու մէջ ծխախոտի տուփերը պէտք է հեռացուին ցուցափեղկերէն եւ պահուին վաճառասեղանի տակ: Նոր Զելանտայի մէջ այսօրուան դրութեամբ ծխախոտ կը գործածէ չափահասներու քսան առ հարիւրը: 1986-ին այդ համեմատութիւնը 30 առ հարիւր էր:

ԹԵՀՐԱՆ – Մեշհետ ճամբորդութիւն կատարող շոգեկառքի պաշտօնեաներէն Աֆշին Ճէյզպահշ գնացքի սենեակներէն մէկուն մէջ ուղեւորներէն մէկուն կողմէ մոռցուած ոսկիով լեցուն պայուսակ մը յայտնաբերած է: Պայուսակին մէջ յայտնաբերուած է 120 ոսկի մետաղադրամ, 53 ապարանջան եւ 4 ձուլակտոր: Պաշտօնեան 15 մայիսին իր յայտնաբերած աւելի քան 160 հազար տոլար արժողութեամբ պայուսակը նախ յանձնած է Մեշհետի երկաթուղային կայարանի ուղեբեռի սենեակ, ապա Իրանի երկաթուղիի վարչութեան տնօրէնութեան կողմէ ձեռնարկուած փնտռտուքներէ ետք «թանկարժէք» պայուսակը վերադարձուած է իր տիրոջ: Իրանի երկաթուղիի վարչութեան տնօրէնը աշխատակիցին երախտագիտութիւն յայտնած է եւ անոր յանձնած թանկարժէք նուէր մը:

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն մնացած ռումբ մը պայթած է: Արձանագրուած է երկու վիրաւոր: Միջադէպը տեղի ունեցած է Պելանի թաղամասին մէջ մետաղաջարդօնի պահեստին մէջ: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, վիրաւորներէն մէկը փորձած է քանդել ռումբը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES