Ակնարկ. Հեքիաթային Մթնոլորտ

ԹՈՐԳՈՄ

Վստահաբար քիչ է թիւը անոնց, որոնք կը խորհին, թէ ֆութպոլը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը, կամ հաճոյք պարգեւելու ունակութիւնը:

Միջազգային մեծ մրցաշարքեր երբեմն դանդաղ «կը տաքնան», սակայն Եուրօ-2012-ի մրցումներու առաջին շաբաթը բաւական հետաքրքրական եւ հաճելի էր, մանաւանդ եթէ բաղդատենք վերջին Մոնտիալին առաջին շաբթուան հետ:

Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող խաղերուն ընթացքին հաճոյքով ականատես եղանք բաւական յարձակումներու եւ կոլերու:

Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ խումբերը կազմակերպուած, կարգապահ պաշտպանելով իրենց բերդերը, չեն վարանիր յարձակելու դիմացի բերդին վրայ: Բնականաբար այս մօտեցումը, այսպիսի խաղարկութիւն մը աւելի կը գոհացնէ, կը խանդավառէ համակիրներն ու չէզոք դիտողները: Անշուշտ եթէ չէզոք դիտող կայ:

Անկասկած որակը, մակարդակը բարձր է: Բազմաթիւ պարագաներու խմբային հիանալի խաղարկութիւնը, լուծումները, գիւտերը, երբեմն վայրկեաններ տեւող անթերի փոխանցումները, մարզիկներու առանց գնդակի արագ տեղափոխումները, նոյնիսկ գեղարուեստական բարձր մակարդակի հասած նկարահանումները, սփռումները, պարզապէս աղուոր են:

Գունագեղ եւ բազմազգ փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ: Մրցումները հիւրընկալող Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի քաղաքները զարդարուած են ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներու դրօշներուն գոյներով` շլացուցիչ յարդարումներով: Համացանցի վրայ հրապարակուած են ֆութպոլասէրներու ինքնուրոյն, արտասովոր եւ ծիծաղելի լուսանկարներ: Մրցումներուն ներկայ եղող համակիրներուն արդուզարդը, խանդավառութիւնը համաշխարհային դիմակահանդէս կը յուշեն:

Կարծես քանի մը ժամ տաղտկալի, ծանրաբեռն առօրեայէն, քաղաքական-ապահովական քաշքշուքներէն խզուելով կը մխրճուին հեքիաթային աշխարհ մը, ուր հռետորական տափակ ճառեր չկան, հրացանաձգութիւն, ռմբակոծում չկայ, հրկիզուող անիւներ չկան:

Ցաւ մը միայն. Հայաստան այնքան մօտեցաւ այս մրցաշարքին եւ այսօր որքա՜ն հեռու է անկէ, մինչ Հայաստանի «խոչընդոտը» հանդիսացած Իրլանտա… չի փայլիր: Այս մրցումներուն հետեւող հայերը վստահաբար Իրլանտայի կրած երկու պարտութիւններէն շատ ալ դժգոհ չեն մնացած, մանաւանդ որ երկու մրցումներու ընթացքին 7 անգամ խորտակուած է անոնց բերդը եւ դաշտին վրայ իրլանտացի մարզիկները «ոգիներ կը հալածէին»…:

 

 

Share this Article
CATEGORIES