Վաղը` Կիրակի, 17 Յունիսինվիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում
Հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, վաղը` կիրակի, 17 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցումը:
Հեծելարշաւի այս մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ 2-րդ տարին ըլլալով, պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Տըպպայէի «Մարինա» մայրուղիին վրայ:
Ապա, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխում:
CATEGORIES Մարզական

