Ֆորմիւլա-Ռընոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Միացաւ «Էմթեք Լայթ» Անգլիական Խումբին

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆորմիւլա-Ռընոյի աշխարհի ախոյեանութեան, միացաւ անգլիական «Էմթեք լայթ» խումբին: Երկու կողմերը մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին իրարու հետ:

Նախքան այս խումբին միանալը, Սարգիսեան շարք մը փորձեր կատարեց Պրենտծհաչի, Տոնինկթըն Փարքի եւ Սիլվըրսթոնի Անգլիոյ վազքուղիներուն վրայ: Այդ մէկը առիթ տուաւ, որ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն պատասխանատուները լաւապէս քննարկեն անոր ունեցած ելոյթները: Համաձայնագիր կնքողը հանդիսացաւ «Էմթեք լայթ», որուն հետ Սարգիսեան փորձեր կատարելէ ետք ստորագրեց անոր տոմարներուն վրայ:

Այժմ Սարգիսեանի համար կը մնայ լաւ արդիւնք արձանագրել իր նոր խումբին ընդմէջէն, որպէսզի յաջողի յառաջիկային այլ խումբերու ուշադրութիւնն ալ գրաւել եւ բնականաբար դառնալ աւելի հանրածանօթ այս մարզին մէջ:

Վերոնշեալ խումբին միանալէն ետք, 23 տարեկան Սարգիսեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այս քայլը կարեւոր կէտ մըն է ինծի համար` յառաջիկային լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար: Այժմ կը կարծեմ, որ շատ աւելի լաւ արդիւնք պիտի արձանագրեմ, մանաւանդ որ խումբի մը միանալս աւելի դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ինծի համար»:

Իսկ խումբի տնօրէն Լէյս Ճոնզ ըսաւ. «Սարգիսեան բացառիկ յատկութիւններ ունեցող վարորդ մըն է: Սակայն կը կարծեմ, որ անոր այս տարեշրջանը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ միջազգային եւ եւրոպացի բաւական անուանի վարորդներ, որոնք համեմատաբար աւելի մեծ փորձառութիւն ունին այս մարզին մէջ: Սակայն կը յուսամ, որ ան շուտով միջազգային ճանաչում գտնէ»:

Նշենք, որ Շահան Սարգիսեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու ծանօթանալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը. www.sarkissianracing.com

 

 

Share this Article
CATEGORIES