Եուրօ-2012. Կոլերով Հարուստ Մրցումներ

Եուրօ 2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` Դ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Տեղատարափ անձրեւը եւ կայծակները պատճառ դարձան, որ Տոնեցքի մէջ սկսած Ուքրանիա – Ֆրանսա մրցումը ընդհատուի: Իրաւարարը խաղի 4-րդ վայրկեանին որոշեց ընդհատել մրցումը: Մարզիկները մեկնեցան հանդերձարան: Շուրջ ժամ մը դադարէ ետք խաղը վերսկսաւ ուրկէ որ ընդհատուած էր: Հասկնալի պատճառներով ոչ «փայլուն» Ա. կիսախաղէն ետք, ֆրանսացիները Բ. կիսախաղը աւելի վճռական եւ արագ սկսան` 52-րդ վայրկեանին Մենեզի շնորհիւ նշանակելով խաղին առաջին կոլը: Ուքրանացիք այս հարուածէն չսթափած, Քապայէ 56-րդ վայրկեանին նշանակեց Ֆրանսայի երկրորդ կոլը: Քանի մը վայրկեան ետք Քապայէ նոյնիսկ գնդակը «գամեց» Ուքրանիոյ բերդի սիւնին: Այդ պահէն ետք մրցումը յատկանշական ոչինչ ունեցաւ եւ այդպէս ալ աւարտեցաւ` 2-0 ի նպաստ Ֆրանսայի:

Երէկուան երկրորդ մրցումը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ եւ Շուէտի միջեւ: Խաղին 22-րդ վայրկեանին անգլիացիք սկսան երգել Նիլ Սատաքայի 1962-ի հիթը` «Օ՜, Քարոլ», երբ Անգլիոյ յառաջապահ-աշտարակը գլխու ճշգրիտ հարուածով մը խորտակեց վայքինկներու բերդը: Սակայն Բ. կիսախաղի 3-րդ վայրկեանին իսկ անգլիացիք աղաղակեցին` «վա՜յ, Քարոլ, վա՜յ», երբ Քարոլի անտեղի ֆաուլէն օգտուելով` Օլոֆ Մելպուրկ նշանակեց Շուէտի հաւասարութեան կոլը, որմէ հազիւ 9 վայրկեան ետք, դարձեալ անտեղի ֆաուլէ մը օգտուելով, Մելպուրկ նշանակեց կոլ մը եւս: Անգլիա միջնապահ մը փոխարինեց յառաջապահով մը` Ուալքոթ, որ 64-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը եւ 77-րդ վայրկեանին ճշգրիտ փոխանցում մը ըրաւ Ուելպեքի, որ կրունկով նշանակեց Անգլիոյ յաղթանակի եւ մրցաշարքի ցարդ ամէնէն գեղեցիկ կոլերէն մէկը:

Մրցումը ոչ միայն կոլերով հարուստ եղաւ, այլեւ` դեղին քարտերով եւ մանաւանդ… սխալներով, խաղը երբեմն վերածելով Շէյքսփիրի «Սխալներու կատակերգութիւնը» թատերախաղին:

Դ. խմբակին դասաւորումը

1.-  Ֆրանսա 4
2.- Անգլիա 4
3.- Ուքրանիա 3
4.- Շուէտ 0

 

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մնացեալ ութ մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ՇԱԲԱԹ, 16 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ
Չեխիա – Լեհաստան (Ա. խմբակ) 21:45
Յունաստան – Ռուսիա (Ա. խմբակ) 21:45
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՅՈՒՆԻՍ
Դանիա – Գերմանիա (Բ. խմբակ) 21:45
Փորթուգալ – Հոլանտա (Բ. խմբակ) 21:45
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 18 ՅՈՒՆԻՍ
Խրուաթիա – Սպանիա (Գ. խմբակ) 21:45
Իտալիա – Իրլանտա (Գ. խմբակ) 21:45
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 19 ՅՈՒՆԻՍ
Անգլիա – Ուքրանիա (Դ. խմբակ) 21:45
Շուէտ – Ֆրանսա (Դ. խմբակ) 21:45

 

Share this Article
CATEGORIES