Էտկար Մալաքեան Պիտի Միանայ Վիքթորիա Փլզենի
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Էտկար Մալաքեան պիտի միանայ Վիքթորիա Փլզենի: Չեխական ակումբին պաշտօնական կայքէջին համաձայն, ան արդէն իսկ մեկնած է Չեխիա եւ պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:
Նախորդ տարի չեխական կազմը արդէն իսկ լաւ տպաւորութիւն ստացած էր Մալաքեանէն, երբ անիկա եւ Փիւնիկ դէմ յանդիման եկած էին իրարու հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցաշարքին:
2011-2012 տարեշրջանին Չեխիոյ ախոյեան հանդիսացած Փլզեն նախորդ տարի չյաջողեցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ` գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական


