Կռփամարտ. Վիք Դարչինեանի Յառաջիկայ Ճակատումը` Սեպտեմբերին
Արհեստավարժ կռփամարտի աշխարհի նախկին բազմակի ախոյեան եւ թեթեւ կարգի կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան իր յառաջիկայ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ սեպտեմբերին, կը յայտնէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնէն:
Աւստրալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Դարչինեան, որ հանդէս կու գայ Հայաստանի դրօշին տակ, մտադիր է Հայաստանի մէջ իր անունը կրող կռփամարտի մարզադպրոց հիմնել:
Անոր կատարելիք սեպտեմբերի ճակատումին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին քիչ մը աւելի ուշ, կ՛եզրափակէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

