Միլիոննե՜ր Մեկնաբանութեան Համար
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մորինիօ, որ այս մրցաշարքին պատկերասփիւռի կայանի մը մեկնաբաններէն է, անդրադարձաւ Եուրօ 2012-ի Բ. խմբակին մաս կազմող Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Մորինիօ ըսաւ.
«Փորթուգալի հաւաքականը կախեալ չէ այլ խումբերէ: Եթէ Հոլանտայի դէմ մրցումին իրենց կարելիութիւնները առաւելագոյնս դրսեւորեն եւ յաղթեն, կը շարունակեն պայքարը: Փորթուգալի հաւաքականը լաւագոյն եռեակին մաս չի կազմեր, սակայն կրնայ որեւէ մրցակիցի յաղթել: Պէտք է բարձր մակարդակը ապացուցել դաշտին վրայ 90 վայրկեան խաղալով: Քառորդ եզրափակիչ հասնելու պարագային նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլալ երկարաձգման եւ փենալթիներու: Ամէն ինչ կրնայ տեղի ունենալ»:
Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողներէն ոեւէ մէկը կրնար այս մեկնաբանութիւնը ընել: Եւ ըսե՜լ, թէ Մորինիօ միլիոննե՜ր կը գանձէ իր մեկնաբանութիւններուն համար:

