Տի Մաթէօ Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Չելսիի Հետ
Եւրոպայի ախոյեան Չելսիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացի նախկին միջնապահ Ռոպերթօ Տի Մաթէօ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ակումբին հետ: Ան այսպիսով դարձաւ 8-րդ մարզիչը, որ կը գործակցի ակումբին սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչի հետ:
2003-ին Չելսին գնած Ապրամովիչ յաջորդաբար մարզիչ նշանակեց Քլաուտիօ Ռանիերին, Ժոզէ Մուրինիոն, Աւրամ Կրանթը, Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարին, Կուս Հիտինքը, Քարլօ Անչելոթթին եւ Անտրէ Վիլաս-Պոասը:
Նշենք, որ 42 տարեկան Տի Մաթէօ, նախորդ մարտին նշանակուած էր ժամանակաւոր մարզիչ, երբ փորթուգալցի Վիլաս-Պոաս պաշտօնանկ եղած էր:
CATEGORIES Մարզական


