Մանչեսթըր Եունայթըտ Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Հարաւային Ափրիկէի Մէջ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ յառաջիկայ ամիս ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ` առ ի պատրաստութիւն Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 2012-2013 տարեշրջանին:
Անիկա 18 յուլիսին Տիւրպանի մէջ պիտի մրցի Ամազուլուի դէմ, իսկ երեք օր ետք, Քէյփ Թաունի մէջ` Այաքս Քէյփ Թաունի դէմ:
Երրորդ անգամ ըլլալով Մանչեսթըր Եունայթըտ կ՛այցելէ Հարաւային Քորէա` 2006-ին եւ 2008-ին իր կատարած այցելութիւններէն ետք:
Իսկ 25 յուլիսին անգլիական ակումբը պիտի մեկնի Շանկհայ` հոն եւս բարեկամական մրցում մը կատարելու համար:
CATEGORIES Մարզական

