Զաւիի Նուաճումները
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պարսելոնայի փլէյ-մէյքըր Զաւի, Եուրօ 2012-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, հինգշաբթի գիշեր Իրլանտայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին երկու մրցանիշ հաստատեց:
32-ամեայ Զաւի, այդ խաղին ընթացքին կատարեց 136 փոխանցում եւ 127 ճիշդ փոխանցում: Նախորդ մրցանիշը կը պատկանէր հոլանտացի Ռոնալտ Քումանի, որ Եուրօ 1992-ին` դանիացիներուն դէմ մրցումին 117 փոխանցում կատարած էր:
Ի դէպ, հինգշաբթի օրուան մրցումին, Իրլանտայի դէմ սպանացիները 860 փոխանցում կատարեցին:
CATEGORIES Մարզական

