50 Տարի Առաջ ( 19 Յունիս 1962 )

Թրիփոլիի Եկեղեցիին
Օծման Առիթով

Մեր յունիս 11 եւ 12 թիւերուն մէջ ներկայացուցինք Թրիփոլիի եկեղեցիին օծման հանդիսութեանց նկարագրութիւնը: Ստորեւ կու տանք այդ առիթով Կորիւն Քէշիշեանին արտասանած ճառը: Կորիւն Քէշիշեան մասնաւոր առաքելութեամբ Լիզպոնէն եկած էր սոյն հանդիսութեանց` ներկայացնելու համար Գէորգ Եսայեանը եւ Ռոպէր Կիւլպէնկեանը, որոնք վարիչներն են «Գ. Կիւլպէնկան» հիմնարկութեան հայկական բաժնին.-

Վեհափառ տէր, սրբազան հայր, գերապատիւ հայր սուրբ, արժանապատիւ հայրեր յարգելի պարոն երեսփոխաններ, յարգելի հայրենակիցներ:

Ահաւասիկ կը բարձրանայ հայկական նոր եկեղեցի մը եւս: Ամէնուրեք իր հայրենի հողին վրայ, ինչպէս օտար երկինքներու տակ, հայը դարերէ ի վեր կանգնած է իր հաւատքին տաճարները` իբրեւ հիմը իր գոյութեան եւ երաշխիքը` իր տեւելու կամքին:

Եւ այս հաւատքը մենք կրնանք առնել իր ամենալայն իմաստով: Հայու համար ան կը նշանակէ ոչ միայն պաշտամունքը իր Աստուծոյն, հապա նաեւ հաւատարմութիւնը իր անցեալին եւ վստահութիւնը իր ապագային:

Այդ պատճառով է, որ հայու եկեղեցին եղած է հրաշագործ կորիզը ինչպէս իր հոգեւոր, նոյնպէս եւ իր ազգային եւ մտաւոր կեանքին:

Ամէն հայ, ըլլայ մեծատուն կամ խոնարհ ազգային, փայլուն մտաւորական կամ համեստ քաղաքացի, տոգորուած է նոյն համոզումով եւ գիտակցութեամբ: Եւ այս գիտակցութիւնն է, որ մղած է մեր ժողովուրդին զաւակները, երկար սերունդներու յաջորդութեանը ընթացքին, օժտելու մեր ազգային ժառանգութիւնը այս յիշատակարաններով, որոնք կը կոչուին եկեղեցի կամ դպրոց, եւ կը յաւերժացնեն մեր դարաւոր քաղաքակրթութիւնը:

Այդ զաւակներուն մէջ գտնուած են, ի պատիւ մեր ժողովուրդին, առանձնաշնորհեալներ, որոնց անունը մեր պատմութիւնը գրած է ոսկի տառերով:

Անոնցմէ էր Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ դեռ իր կենդանութեանը կամեցաւ այս նորկազմ գաղութը պայծառացնել իրեն արժանի եկեղեցիով մը:

Իր դառնաղէտ մահը եւ ուրիշ պարագաները յապաղեցուցին այս ազգաշէն ծրագրին գործադրութիւնը, բայց հիմնարկութիւնը, որ կը կրէ մեծանուն բարերարին անունը միշտ ի մտի ունեցաւ օր մը իրականացնել զայն:

Լաւ կը յիշեմ պարագաները երբ վերջապէս պատեհ առիթէն օգտուելով` Վազգէն Ա. կաթողիկոսի Լիզպոն այցելութեան շրջանին սոյն հարցը իր բարձր նկատողութեան յանձնուեցաւ: Նոր վեհափառութիւնը իր օրհնութիւնը տալով` թելադրեց կառուցումը սկսիլ անյապաղ:

Այժմ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ այս պահուս ներկայ կ՛ըլլամ այս հանդիսաւոր ճաշկերոյթին` յանուն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ իբրեւ ինծի հին մէկ անդամը Թրիփոլիի մեր սիրելի գաղութին:

Շատ հաճելի պարտականութիւն  մըն է, որ ինծի տուած է այսօր մեր հիմնարկութիւնը եւ մանաւանդ հիմնարկութեանս նախագահ տոքթ. Ա. Բեթիկաունը, հայկական բաժնի պատասխանատու վարիչ Գէորգ Էսայեանը, ինչպէս նաեւ նոյն բաժնի պատասխանատու տնօրէն Ռոպէր Կիւլպէնկեան ներկայացնել այսօրուան հանդիսաւոր օծման արարողութեան, որոնց երկուքին, ինչպէս նաեւ հիմնարկութեան բոլոր անդամներուն անկեղծ եւ յարգալիր բարեւները եւ ձեր բոլորին բարօրութեան համար լաւագոյն մաղթանքները կը բերեմ Լիզպոնէն:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը նաեւ ուրախ է, որ կրցաւ կանգնել «հոգեգալստեան» այս սուրբ եկեղեցին մեր զոյգ հայրապետներուն օրհնութեամբը` իբրեւ խորհրդանշան մեր ժողովուրդին միութեան եւ համերաշխական ոգիին:

Մեր հիմնարկութիւնը սրտագին ուշադրութեամբ պիտի հետեւի այդ ոգիին ամրապնդման եւ ծաւալումին, իբրեւ լաւագոյն վարձատրութիւնը իր ազգանուէր ջանքերուն:

Այդ յոյսով եւ այդ վստահութեամբ է, որ կ՛ուղղեմ եղբայրական ողջոյններս քաղաքիս հայ հասարակութեան` անոր մաղթելով խաղաղ եւ լիակատար վայելումը «ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ» նորակերտ եկեղեցիին:

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
19-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 19-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 16 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ժողովրդային տան մէջ, իր աշխատանքները աւարտեց երէկ` կիրակի, ընտրութեամբը նոր Շրջանային վարչութեան:

Երկու օր ամբողջ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 17 մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորուհիներ, լսելէ ետք Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց տեղեկագրերը` իրենց երկամեայ գործունէութեան շուրջ, խաչուհիներու յատուկ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեսակէտի փոխանակումներ ունեցան յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց գործունէութեան մասին` նախապէս գնահատանքի բանաձեւ մը հանելով Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մասին:

Արդարեւ, Շրջանային վարչութեան տեղեկագրէն ի յայտ եկաւ, որ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին Օգնութեան խաչի կազմակերպութիւնը մեծ նուաճումներ կատարած է իր գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ մօտ 150 հազար լիբանանեան ոսկիի նիւթական գործառնութիւն մը ունենալով: Բացի այդ, խաչուհիներուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 3000-ի:

Կիրակի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:

Տիկիններ` Լոլա Սասունի, Վերժին Տէր Կարապետեան, Վերժին Ֆեթթելեան, Արաքսի Արծրունի, Ազատուհի Ռաֆայէլեան, Վերժին Խաթանասեան, Տալիտա Գրուշեան, Արշալոյս Հայկականեան եւ օրդ. Օլիվիա Պալեան:

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան:

Share this Article
CATEGORIES