Կիպրոս Ուղեւորութիւն. Դէպի Սիրոյ Դիցուհիին Ծննդավայրը
Կազմակերպութեամբ Կիպրոսի զբօսաշրջական կազմակերպութեան, մայիս ամսուան ընթացքին լիբանանեան մամուլի 12 օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու լրագրողներ, որոնց մէջ նաեւ` «Ազդակ»-ի լրագրողը, եռօրեայ շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ այցելեցին Կիպրոս:
«Ազդակ»-ի կողքին, ներառուած էին նաեւ հետեւեալ հրատարակութիւնները` «Ալ մալ ուալ Ալամ», «Ղալա», «Ալ իքթիսատ ուալ ամալ», «Շարք Աուսաթ», «Ախպար», «Տիար», «Մուսթաքպալ», «Ժարիտա», «Հայաթ», «Աֆքար» եւ «Սաֆիր»:
Լառնաքայի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանցի լրագրողները ընդունուեցան Կիպրոսի զբօսաշրջական կազմակերպութեան շուկայադրումի տնօրէն Հրաչ Գալսահաքեանի եւ եռօրեայ շրջապտոյտին անոնց ընկերակցեցաւ սուրիական ծագումով կիպրացի զբօսաշրջիկներու ուղղեկցող Տիմա Սամատ:
Լիբանանէն միայն քսան վայրկեան հեռու գտնուող կղզիին` Կիպրոսի մէջ կարելի է գտնել հանգիստ, խաղաղութիւն, լռութիւն, գեղեցկութիւն ու հանդարտութիւն:
Թէեւ իր բնութեամբ, կլիմայով եւ ժողովուրդին մտայնութեամբ շատ նման է Լիբանանին, սակայն պէտք է ըսել, որ ան շատ աւելի խնամուած է, մաքուր, կազմակերպուած եւ նուազ խճողուած:
Կիպրոսը ճանչցուած է իբրեւ առասպելներու կղզին, որ իր գեղեցկութեամբ եւ հանդարտութեամբ կը հմայէ զբօսաշրջիկները:
Կիպրոսը, որ 2004-էն ի վեր դարձած է Եւրոպական Միութեան անդամ, այս տարի ստանձնած է Եւրոպական Միութեան նախագահութեան նստաշրջանը:
Այդ առիթով Կիպրոսի մէջ ծանօթ Քուրիոնի հռոմէական ամփիթատրոնին մէջ այս ամսուան ընթացքին կատարուեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որուն ընթացքին եւրոպական երկիրներու նախագահներ ներկայ գտնուեցան Ե. Միութեան նախագահութիւնը Կիպրոսի յանձնելու պաշտօնական հանդիսութեան:
Կիպրոսի բնակչութեան մեծ մասը յոյն կիպրացիներ են, մինչդեռ թուրք կիպրացիները, հայերը, մարոնիները եւ ազգային այլ խմբաւորումներ կը կազմեն կղզիին բնակչութեան մնացեալ տոկոսը:
Կիպրոսի մէջ ընդունուած են պաշտօնական երկու լեզուներ` յունարէնն ու թրքերէնը, որոնց կողքին նաեւ լայն տարածում գտած է անգլերէնը:
Կիպրոս հարուստ է իր տեսարժան վայրերով, ինչպէս նաեւ` ծովուն եւ լեռներուն մօտիկ ըլլալու յատկանիշով, որ առիթ կու տայ զբօսաշրջիկին վայելելու անոր բնութիւնը:
Ծովեզերեայ գրեթէ բոլոր շրջանները հարուստ են նարնջենիներով, ձիթենիներով եւ արմաւենիներով:
Կղզիին մէջ ազգային աւանդութիւնները կը պահպանուին: Այս շրջագիծին մէջ կաւագործութիւնն ու քանդակագործութիւնը, ոսկերչութիւնն, ասեղնագործութիւն եւ եղէգնահիւս առարկաներու արտադրութիւնը մաս կը կազմեն Կիպրոսի ճարտարարուեստին եւ անոնք լաւապէս կը պահպանուին իրենց ազգային արժէքին համար:
Կիպրացիները մտայնութեամբ արեւելեան են եւ հիւրասէր, իսկ կիպրական խոհանոցը շատ մօտ է յունական խոհանոցին:
Կիպրոսի մէջ կարելի է համտեսել բացառիկ աղանդերներ, որոնց տեսականին կը հասնի 30-ի:
Կիպրացիները կ՛ունկնդրեն յունական երաժշտութիւն եւ յունարէն երգեր, որոնց ծիրին մէջ անոնք կը կազմեն նաեւ պուզուքայի երեկոներ:
Կիպրական խրախճանքներուն մասին խօսելու ընթացքին անկարելի է մոռնալ Կիպրոսի մէջ արտադրուող ոգելից ըմպելիները, որոնցմէ է կիպրական ազգային խմիչք «Քումանտարիա»-ն, ինչպէս նաեւ գարեջուրի շարք մը տեսակներ, որոնց մէջ բացառիկ է «Քիօ»-ն:
«Քումանտարիա»-ն գինիի հնագոյն տեսակն է, որ տակաւին կ՛արտադրուի Կիպրոսի մէջ:
Վերոնշեալ խմիչքներուն կողքին, կղզին ծանօթ է նաեւ գինիի արտադրութեամբ` շնորհիւ հսկայ տարածութեան վրայ գտնուող անոր այգիներուն:
Կիպրոս հարուստ է նաեւ տարբեր տեսակի մարզախաղերով, որոնց կողքին կան նաեւ կոլֆի, թենիսի, պոլինիկի եւ այլ մարզախաղեր, ինչպէս նաեւ` սուզուելու առիթներ եւ կարելիութիւններ:
Կիպրոսի մասին երբ խօսինք, գրեթէ բոլորը կ՛անդրադառնան, թէ մենք կ՛ակնարկենք կղզիի մը, որ թերեւս ծանօթ է իր քաղաքներէն Այա Նափայով, Լիմասոլով, Լառնաքայով եւ մայրաքաղաք Նիկոսիայով, սակայն այս բոլորին կողքին կայ նաեւ այլ շրջան մը` Փաֆոսը, որ կղզիին մէջ կղզի մըն է եւ հիանալի գեղեցկութիւն ունեցող շրջան մըն է:
Փաֆոսի մէջ ամէն ինչ սէր կը բուրէ, տրուած ըլլալով, որ անիկա սիրոյ դիցուհի փրփրածին Աֆրոտիթէի ծննդավայրն է եւ կը պարփակէ ծովային այն տարածքները, որոնք ծանօթ են իբրեւ անոր լոգարանները:
Աֆրոտիթէի ծննդավայրը կը կոչուի «Փեթրա թու Ռոմիու», ուր կ՛երեւան Աֆրոտիթէի ծնունդը խորհրդանշող ժայռերը:
Առասպելին համաձայն, անոնք, որոնք կը փափաքին գտնել իրենց կեանքին սէրը, պէտք է այդ ժայռերուն շուրջը եօթը անգամ շրջան կատարելով լողան:
Փաֆոսի գրեթէ բոլոր այցելուները նաւապտոյտով մը կ՛ուղղուին նաեւ Աֆրոտիթէի լոգարանները, ուր անոնք կարելիութիւն կ՛ունենան նաեւ լողալու:
Փաֆոսը ունի իր նաւահանգիստը, հնութիւնները, հին շուկաները, որոնք լաւապէս պահպանուած են, ինչպէս նաեւ` հանգստանալու համալիրներն ու պանդոկները, բոլորին համար ձրի ու մաքուր ծովափը, կատարեալ բծախնդրութեամբ պահպանուած բնութեան յատուկ արգելանոցները, ուր կարելի է գտնել հազարաւոր տեսակի բոյսեր, ծառեր, ծաղիկներ ու ջրամբարներ:
Այս բոլորէն բացի, Փաֆոս ունի խճանկարներու բացառիկ հարստութիւն մը, որոնք զայն դիտողը կը տանին դէպի Ե. դար:
Փաֆոս, որ նշուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային եւ բնական հարստութիւններու համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, կ՛ընդգրկէ նաեւ թագաւորներու գերեզմանատուն մը, որ Դ. դարէն ի վեր կանգուն մնացած է:
Կիպրոսի հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Փաֆոսը ունի նաեւ իր միջազգային օդակայանը, ուր կը հասնին զանազան երկիրներէ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ:
Լիբանանցիին համար կարեւորագոյն նորութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ յառաջիկայ 13 յուլիսէն մինչեւ 10 սեպտեմբեր «Նախխալ» ճամբորդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ պիտի ստեղծուի Պէյրութ-Փաֆոս ուղղակի թռիչքներու դրութիւն մը, որուն կողքին պիտի տրամադրուին զբօսաշրջային ուղեցոյցներ, յայտագիրներ, որոնք ամէն տեսակի դիւրութիւններ պիտի տրամադրեն այցելուներուն:
Պէյրութ-Փաֆոս ուղղակի թռիչքները պիտի կատարուին շաբաթը երկու անգամ` երկուշաբթի եւ ուրբաթ օրերը:
Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ 8-10 յունիսին ճամբորդական գրասենեակներու 120 ներկայացուցիչներ Պէյրութէն մեկնեցան Փաֆոս` պաշտօնապէս բացումը կատարելով ուղղակի թռիչքին:
Փաֆոսցիները փայլուն են հանգստապատառի արտադրութեամբ: Այս ծիրին մէջ լիբանանցի լրագրողներու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Աֆրոտիթէի անուան հանգստապատառի գործարանը:
Փաֆոսի մէջ այցելեցինք նաեւ Վունի Փանայա անունով գինիի գործարանը, ուր ծանօթացանք գինիի պատրաստութեան տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ դարձանք գործարանին ճաշի հիւրը:
Վունի Փանայա կ՛արտադրէ նաեւ ուզօ, որ յունական կամ կիպրական օղին է:
Անկախ հանգստապատառի եւ գինիի արտադրութենէն, Փաֆոսի մէջ կան շատ մը գործարաններ, որոնք կ՛արտադրեն շարոցը, որ կը նմանի հայկական շարոցին, միակ տարբերութեամբ, որ անոր մէջ ընկոյզի փոխարէն նուշ կայ:
Հնութիւններով հարուստ ըլլալու կողքին, Փաֆոս նշանաւոր է նաեւ իր նաւահանգիստով, Էլէա կոլֆի ակումբով, որ կառուցուած է 2010-ին, կոլֆի համաշխարհային ախոյեան սըր Նիք Ֆալտոյի կողմէ, ինչպէս նաեւ` շքեղ պանդոկներով:
Պանդոկներու պարագային, պէտք է ըսել, որ Փաֆոսի մէջ կը գտնուին պանդոկներ, որոնք կը գոհացնեն բոլոր պիւտճէները, ինչպէս նաեւ կան շքեղ պանդոկներ, որոնք կը հասնին մինչեւ 7 աստղանի պանդոկներու, ինչպէս է պարագան «Անասա» պանդոկին, որ կը պարփակէ հարիւրաւոր սենեակներ, որոնք բոլորը բնակարանի համազօր են, հանգստաւէտ եւ մաքուր:
«Անասա» պանդոկը ընդհանրապէս ժամադրավայրն է մեծ թիւով արուեստագէտներու եւ հանրածանօթ երգիչներու ու դերասաններու, որոնք կ՛այցելեն Փաֆոս ու կը հանգստանան այս պանդոկին մէջ` վայելելով բնութեան սքանչելի պահերն ու տեսարանները:
Փաֆոսի մէջ հանրածանօթ են նաեւ Քոնսթանթինու եղբայրներու պանդոկներու ցանցը, որուն մաս կը կազմեն չորս պանդոկներ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ գեղեկութեամբ, իւրայատկութեամբ եւ առաւելութիւններով: Այդ ցանցին մաս կը կազմեն «Ասիմինա», «Փայոնիր», «Աթենա պիչ» եւ «Աթենա ռոյըլ պիչ» պանդոկները:
Այս պանդոկներու ցանցին մէջ կան բոլորին ճաշակին եւ պիւտճէին յատուկ սենեակներ, որոնք կ՛օժանդակեն անցընելու հանգստաւէտ զբօսաշրջութիւն մը եւ վերանորոգելու ուժն ու կորովը:
Նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Քոնսթանթինու եղբայրներուն ցանցը լիբանանցի լրագրողները ընդունեց «Ասիմինա» պանդոկին մէջ, ընթրիքի պահուն լիբանանցիները առիթ ունեցան համտեսելու իտալական խոհանոցի համեղագոյն ճաշերը:
Եւ ահա ի յայտ եկաւ, որ համադամ այդ ընթրիքը պատրաստող խոհարարը հայ է: Արդէն հոն կը կայանար այդքան համեղ ընթրիք մը ըլլալուն գաղտնիքը, սակայն շրջանցելով այդ իրականութիւնը` ես մօտեցայ խորհարարին եւ բացայայտուեցաւ, որ հեռաւոր Փաֆոսի շքեղագոյն պանդոկներուն հիմնական խոհարարն էր ան` Եսայի Օհանեանը, որ լիբանանահայ մըն է:
Երկուքով այնքան ուրախ էինք, կարծես իւրաքանչիւրը իր հարազատը գտած էր:
Մեծ խոհարարին հետ ունեցած կարճ զրոյցիս ընթացքին ան շեշտեց, որ հայը իր հաւատքով, կամքով, նուիրումով ու սրտանց աշխատանքով է, որ մեծ նուաճումներ կ՛արձանագրէ եւ յաջողութիւններ կը կերտէ:
Ի զուր չէ, որ սիրոյ դիցուհին Կիպրոսը ընտրած է իբրեւ իր բնակարանը: Աֆրոտիթէի Կիպրոս ծնունդն ու այդ կղզիին մէջ անոր կեանքը Կիպրոսը դարձուցած է օրհնեալ վայր մը, ուր մարդիկ կ՛ապրին խաղաղ կերպով:

















