«Կիլիկիա» Թանգարանը Հարստացաւ Բարձրարժէք Ցուցանմուշով Մը

Տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեաններ պատմական
եւ վաւերագրական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող
հայկական հազուագիւտ գորգ մը կը յանձնեն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

«Արցախեան պաշտամունքային գորգ», բանուած 1914-ին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Խօսքը կը վերաբերի պաշտամունքային բնոյթ ունեցող արցախեան գորգի մը, որ ուղիղ կերպով կ՛առնչուի աշխարհի հնագոյն գորգին` «Փազիրիք»-ի հետ, իբրեւ իրեղէն միակ ապացոյց, որ կը հաստատէ, թէ «Փազիրիք»-ը բանուած պէտք է ըլլայ Հայկական Բարձրաւանդակի, շատ հաւանաբար Արցախի մէջ:

Ատենին «Վասպուրական» սրահին մէջ կազմակերպուած եւ հայկական գորգարուեստին նուիրուած մէկ ցուցահանդէսին առիթով հանգամանօրէն անդրադարձած էինք «Փազիրիք» գորգին ծագումնաբանական հարցերուն. այդ զեկոյցէն ընդարձակ հատուած մը կը մէջբերենք ստորեւ.

«Ռուս հնագէտ փրոֆ. Ս. Ռոտենքօ դարակէսին, երբ պեղումներ կը կատարէր Միջին Ասիոյ չինական սահմաններու մօտ,  Ալթայ լեռներու լանջերուն, հոն սկիւթական արքայական դամբարանէ մը յայտնաբերեց գորգ մը, իսկ տարի մը ետք այլ դամբարանէ մը յայտնաբերեց ուրիշ գորգի մը պատառիկները: Իրենց տեղանուններով գրեթէ ամբողջական գտնուած գորգը մկրտուեցաւ «Փազիրիք», իսկ պատառիկները` Պաշ-Ատար: Ըստ մասնագէտներու, «Փազիրիք»-ի եւ Պաշ-Ատար պատառիկներու իրագործման թուականը կը հասնի մինչեւ Քրիստոսէ առաջ Ե. դար: Մինչ այդ հնագէտներուն ծանօթ հնագոյն գորգի պատառիկները չէին իջներ Քրիստոսէ ետք Ե. դարէն վար: Այս գիւտը մեծ աղմուկ յառաջացուց գորգարուեստի բնագաւառին մէջ, ոչ միայն անոր համար, որ գորգարուեստի ծագումը կը տանէր հազարամեակ մը դէպի ետ, այլ նաեւ անոր համար, որ յայտնաբերուած գորգը, մասնագէտներու իսկ վկայութեամբ, իր որակով կրնայ մրցիլ մերօրեայ ազնուագոյն գորգերուն հետ ու իր հարուստ գուներանգներով (մուգ կարմիր, ծիրանի, բաց կապոյտ, մուգ կապոյտ, գորշ դեղին, կանաչ) եւ խորհրդանշաններով, զարդանաշխերով, կենդանական ու առասպելական էակներու կերպարներով ցոյց կու տայ, թէ այս գտածոն հասարակ ցեղախումբի մը բանուածքը չի կրնար ըլլալ, այլ իր ետին հարուստ ու բարձրորակ մշակոյթ մը կ՛ենթադրէ:

Յայտնաբերողը` Ռոտենքօ աճապարեց իր եզրակցութեան մէջ եւ յայտարարեց, որ «Փազիրիք»-ը բանուած պէտք է ըլլայ վերին Ասիոյ տարածքին եւ կամ հիւսիսային Պարսկաստանի սահմաններուն մէջ: Իսկ Ռէյնհարթ Հիւպել իր 1970-ին հրատարակած «Տը պուք աֆ Քարփեթզ» գիրքի մէջ կը հաստատէ, որ «Փազիրիք»-ը պէտք է որ աքամենեան արքայական նուէր մը ըլլայ, եւ բանուած` Հայաստանի մէջ: Ասոնցմէ ետք ամերիկահայ գորգագէտ Լէմեէլ Ամիրեան  անգլիատառ «Արարատ» հանդէսին մէջ լոյս կ՛ընծայէր ընդարձակ յօդուած մը, ուր հանգամանօրէն քննարկելէ ետք «Փազիրիք»-ի զարդանաշխերը, բանուածքի տեսակն ու օգտագործուած ներկերն ու այլ նիւթեր, կու գայ այն եզրակցութեան, թէ «Փազիրիք»-ը բանուած պէտք է ըլլայ Հայաստանի մէջ:

Աշխարհի հնագոյն գորգը՝ «Փազիրիք»ը, որ իրագործուած է Քրիստոսէ արաջ Ե. դարուն, սերտօրէն կ՛առնչուի հայկական մշակոյթին հետ եւ, ըստ մասնագէտներու, պէտք է բանուած ըլլայ Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքին։

Այնուհետեւ աշխարհի մեծագոյն գորգագէտները զբաղեցան «Փազիրիք»-ով եւ բաղդատելէ ետք զայն Վանի հին հայկական թագաւորութեան (իմա՛ Ուրարտական) մշակոյթին հետ` եկան այն եզրակացութեան, թէ անխուսափելիօրէն այս գորգը պէտք է իրագործուած ըլլար Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքին: Նոյնիսկ Կուրթ Էրտմանի նման թրքասէր գորգագէտը պիտի հարկադրուէր իր կարծիքը փոխելու եւ յայտարարելու, թէ «Փազիրիք»-ը կ՛առաջնորդէ մեզ եզրակացնելու, որ արեւելեան գորգը ոչ թէ թափառական ցեղերու, այլ արեւելեան հնադարեան բարձր մշակոյթներու արգասիքն է»:

Տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր «Փազիրիք» գորգին հետ կապուած, որոնք վրիպած են մասնագէտներու ուշադրութենէն եւ կրնան հիմնաւոր փաստերով ապացուցել հայկական տեսակէտը:

Այսպէս.

– Ձին ու եղջերուն ոչ միայն գոյութիւն ունին ուրարտական մշակոյթին մէջ, այլեւ անոնք պատկերուած են նաեւ Քրիստոսէ հազարաւոր տարիներ առաջ իրագործուած եւ Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած նախնադարեան ժայռերու վրայ:

– Հայկական նախնադարեան ժայռապատկերները իրենց մէջ կը պարունակեն նաեւ արեւու, լոյսի եւ անմահութեան խորհրդանշաններու նախատիպարները, որոնք ժամանակի ընթացքին  ձեւափոխուելով` կ՛անցնին Հայաստանի պրոնզէ դարէն եւ ուրարտական ժամանակաշրջանէն, կը մտնեն հելլենիզմի մէջ, իրենց զարգացումը կ՛ապրին մասնաւորաբար հայկական մանրանկարչութեան, միջնադարեան բարձրաքանդակի ու խաչքարային արուեստի մէջ ու կը հասնին մինչեւ մեր օրերը:

– Հայկական դիցաբանութիւնն ու առասպելաբանութիւնը լաւագոյնս կը բացատրեն «Փազիրիք»-ի վրայ պատկերուած անասուններու գոյութիւնն ու բոլոր զարդանմուշները»:

Իսկ վերոյիշեալ գորգը, որ պայմանականօրէն կարելի է անուանել «Արցախեան պաշտամունքային գորգ», իր գուներանգերով, զարդամոթիֆներով ու բովանդակութեամբ  ուղղակիօրէն շարունակութիւնը կը հանդիսանայ «Փազիրիք»-ի եւ կը բացայայտէ նաեւ անոր ո՛ւր բանուած ըլլալու առեղծուածը:

Այսպէս.

Արցախեան պաշտամունքային գորգը  մակագրուած ու թուագրուած է` 1914: Գունատեսակները, բանուածքն ու օգտագործուած բուրդի եւ ներկի որակը կը հաստատեն ծննդեան թուականին ճշդութիւնը: Այնպէս որ, այս գորգին հեղինակը չէր կրնար տեսած ըլլալ իրմէ երեսուն հինգ (35) տարիներ յետոյ յայտնաբերուած «Փազիրիք»-ը, որպէսզի ազդուած ըլլար անկէ:

Ինչպէս «Փազիրիք»-ը, այս գորգը եւս ծիսական նշանակութիւն ունի եւ նուիրուած է արեւ աստուծոյ պաշտամունքին: Խորքը կարմիր է, իսկական ծիրանագոյն, որ արեւ աստուծոյ գոյնն էր, որ միայն արքայական ընտանիքները իրաւունք ունէին կրելու: Կեդրոնը պատկերած կերպարը, (որ քնար կը նուագէ) շատ հաւանաբար արեւ աստուծոյ ուստրը` հայկական դպրութեան աստուած` Տիրն էր`  հայկական դիցաբանութեան մէջ միակ նուագել գիտցողը: Սակայն, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին գորգը կորսնցուցած էր իր հեթանոսական իմաստն ու բովանդակութիւնը, անոր քրիստոնեայ հեղինակը Տիր աստուծոյ փոխարէն գրած է «Դաւիթ Մարգարէ», պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ Դաւիթ մարգարէն քրիստոնեայ սուրբերու մէջ միակ նուագողն է: Իսկ կեդրոնական կերպարի երկու կողմերը պատկերուած են, ձեռքերնին վեր բարձրացուցած, աղօթողի դիրքի մէջ, երկու նոյնանման կերպաներ, որոնց գլուխներէն արեւանման ճառագայթներ կ՛արձակուին: Շատ հաւանաբար արեւ աստուծոյ գլխաւոր քուրմերն  են, որոնց հանդերձանքը եթէ մեկնաբանենք, պիտի նշմարենք, որ վերէն վար կը խորհրդանշեն հին աշխարհի մէջ ընդունուած երկրի չորս տարրերը` օդ, ջուր, կրակ եւ հող: Քրիստոնեայ հեղինակը այս կերպարը արտաքնապէս նմանցնելով Աստուծոյ Որդիին` երկուքին կողքին մակագրած է, յապաւումներով, Յիսուս-Քրիստոս: Պարզ է, որ երկու Յիսուս-Քրիստոս գոյութիւն չունի եւ այս մէկն ալ ժողովրդական թիւր ստուգաբանութեան հետեւանք է:

Առաւել հետաքրքրական ու յատկանշական են գորգին չորս անկիւններուն պատկերուած չորս ձիերը, որոնք իրենց կեցուածքով եւ բանուածքի ոճով կը հանդիսանան երկու հազար հինգ հարիւր տարուան մշակութային արձագանգը «Փազիրիք»-ի վրայ բանուած ձիերուն, որոնք հեծեալներ ունին եւ արքայական թաղման թափօրը կ՛առաջնորդեն: Հոս ձիերը պատկերուած  չեն դաշտերու վրայ արածելու ատեն եւ կամ կապուած` իրենց ախոռներուն մէջ, այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կանգնած է կայծակի խորհրդանշանը կրող պաշտամունքային գորգի մը վրայ, որովհետեւ այս չորս ձիերը սրբազան կը համարուէին մեր դիցաբանութեան մէջ: Ինչո՞ւ… Հին յունական դիցաբանութեան մէջ գոյութիւն ունին չորս ձիեր` լծուած կառքի մը, որոնք ամէն առաւօտ արեւու աստուած` Հելիոսը արեւելքէն կը փոխադրեն արեւմուտք: Այս տեսարանը պատկերուած է հին յունական մետաղադրամներու, սափորանկարչութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը բարձրաքանդակներու վրայ: Շատ հաւանաբար մեր քով եւս նոյն իմաստը ունէր, այն տարբերութեամբ սակայն, որ հայկական բանահիւսութեան մէջ պահպանուած են նաեւ անոնց անունները` Էհիկ, Մենիկ, Բենիկ եւ Սենիկ:

Մասնագէտներու կողմէ ապացուցած է, որ հնդեւրոպական նախաբնիկները ձին կը պաշտէին նաեւ իբրեւ արեւու «յատկանիշ», իբրեւ առնականութեան եւ ուժի խորհրդանշան: Հայկական Բարձրաւանդակը, որ հնդեւրոպական ժողովուրդներու բնօրրանը կը համարուի, բնական է, որ պիտի ունենար ձիու պաշտամունք, որուն հետքերը գոյութիւն ունին հայ մշակոյթի բոլոր շերտերուն մէջ, սկսեալ նախնադարէն մինչեւ մեր օրերը:

«Փազիրիք»-ին եւ «Արցախեան պաշտամունքային գորգին» միջեւ կան այլ զուգահեռներ եւս, որոնց մէջ յատկանշական է ութթեւանի արեւու խորհրդանշանը, որուն նախատիպարներուն կը հանդիպինք նախնադարեան ժայռապատկերներու վրայ, պրոնզէդարեան կերպարուեստի նմուշներու առընթեր, ուրարտական աստուածներու ճակատին, Երուանդունիներու եւ Արտաշիսեան հարստութեան արքաներու թագերուն վրայ (Արտաշէս Բ. Մեծն Տիգրան, Արտաւազդ Բ. եւ այլն), որոնք կը շարունակուին հայկական մանրանկարչութեան եւ խաչքարային արուեստի մէջ, ու կը հասնին մինչեւ ժամանակակից կիրառական արուեստները, ու յատկապէս տարածուած կը թուին ըլլալ արցախեան գորգարուեստին մէջ:

Պատմամշակութային բազմաթիւ տեսանկիւններէ քննարկուած «Փազիրիք»-ին եւ «Արցախեան պաշտամունքային գորգին», ուսումնասիրութիւններն ու վերլուծութիւնները, առաւել եւս պիտի հիմնաւորեն «Փազիրք»-ին Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ բանուած ըլլալու իրողութիւնը, ու պիտի հաստատեն Վոլքմար Գանձհորնի այն տեսակէտը, որուն համաձայն, գորգարուեստի ծագումն ու նախնական զարգացումը կապուած ըլլալու է Հայաստանին եւ հայ մշակոյթին հետ:

Բացի արցախեան յիշեալ գորգատեսակէն մեզի յայտնի են միայն երկու նմուշներ, որոնք կը գտնուին ամերիկահայ հաւաքորդներու քով: Թերեւս ուրիշ նմուշներ եւս յայտնաբերուին, սակայն փաստը կը մնայ փաստ, որ այս գորգատեսակը հազուագիւտ է եւ իր մէջ տակաւին կը պարունակէ բազում ու բազմատեսակ խորհուրդներ, որոնք արժանի են բազմակողմանի քննարկուներու եւ վերլուծումներու` ամբողջացնելու եւ լիարժէք գնահատականը տալու համար անոր:

Առ այդ, գնահատելի է Պեզիկեան ամոլին կատարած այս նուիրատուութիւնը եւ ցանկալի է, որ այս մէկը օրինակ ծառայէ ուրիշներու, եւ «Կիլիկիա» թանգարանը հարստանայ նմանօրինակ բացառիկ ցուցանմուշներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES