Պիտի Մնաս Ուսուցանող Յիշատակ. ԼԵՄ-ական Րաֆֆի Փափազեանի Յիշատակին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

Րաֆֆի Փափազեան…

Ինչո՞ւ այսքան պաշտօնական… Րաֆֆ, Րաֆֆուկ… եղբայր, զաւակ, ընկեր… ճշմարիտ ընկեր… անվնաս, բարի, մաքուր խղճով, մաքուր հոգիով… զօրաւոր սրտով մեր, մեր բոլորին Րաֆֆին…

Ի՞նչը յիշենք… դէմքէդ անբաժան ժպի՞տդ, թէ՞ ցաւերով լեցուն արցունքներդ…

Սիրեցիր, շա՜տ սիրեցիր ընտանիքդ, բարեկամներդ, գործդ, ազգդ, կեանքդ…

Սիրեցիր ու սիրուեցար, այո՛, Րաֆֆի, շատ սիրուեցար, դժբախտաբար ամէն մէկս մեր առօրեայ տաղտուկներուն պատճառով մոռցանք եւ կը մոռնանք իրարու յիշեցնելու, թէ որքան կը սիրենք զիրար, բայց հաւատայ Րաֆ, ընկերութեան, բարեկամութեան, աղ ու հացի եւ գործի սրբութիւնը մեծ եղած է:

Արդեօք հասա՞ր երկինք կամ տակաւին կը տատամսիս, տակաւին կը սպասես… Րաֆֆ օրը պիտի գայ, եւ պիտի միանանք բոլորս ու նոյն սրբութեամբ պիտի օրհնուինք…

Դուն հեռացար, բայց ճառագայթած լոյսդ չմարեցաւ, ընդհակառակն, նոր աստղ մը, որ նոր լոյս մը վառեցաւ մեր մութ երկինքին վրայ, քեզմէ սորվելիք շատ բաներ ունինք` կեանքի մասին, սիրելու մասին, մարդկութեան մասին, ընկերութեան մասին… Ողջ օրինակ մըն էիր անուշ ու քնքուշ վարուելակերպովդ, բայց երազի պէս դարձար յիշատակ, յուշ, բայց անպայման կը մնաս գիրք մը, որմէ շատ բան ունինք սորվելիք, շատ օրինակներ առնելիք…

Այո՛ ընկեր, կեանքիդ արեւը մար մտաւ, թէեւ կեանքդ կարճ էր, բայց գեղեցիկ, նոյն արեւամարին նման, եւ վստահ ենք, որ այդ վարդագոյն ամպերուն վերեւ շատ աւելի գեղեցիկ կեանք պիտի ունենաս…

Կեանք… կեանքը դիտեցիր մեր բոլորէն տարբեր, սիրեցիր զայն ու գրկեցիր… Լա՛ւ ըրիր, կեանքդ կարճ էր, բայց վայելեցիր եւ վայելք պատճառեցիր ուրիշներուն ամէն վայրկեան, ընկերներդ պիտի չմոռնան քեզ, ընտանիքդ պիտի չմոռնայ քեզ… ոչ ալ պիտի մոռցուի ջերմ քու ժպիտդ…

Նուիրուեցար ազգիդ, գաղափարիդ, հաւատացի՛ր ու ծառայեցիր, երանի՜ երանի կարենայիր, գիտեմ կ՛ուզէիր, երանի կարենայիր աւելի ծառայել, Աստուած գիտէ նուիրումդ ուր կրնար հասցնել քեզ, բայց նոյն ոգիդ արմատ նետեց մեր բոլորին սրտերուն մէջ, եւ դիտէ՛, տե՛ս, շուտով ծիլ կու տայ: Երազներդ, այն երազները, որոնք չկրցար իրականացնել, վերէն իրականացած պիտի տեսնես, այն երազները, որոնք չհասար տեսնելու, վերը պիտի ապրիս, ամբողջ սրտով կը մաղթեմ, որ սրտիդ բարութիւնը եւ հոգւոյդ ազնուութիւնը կարենաս փոխանցել մեզի, որ պիտի կարենանք օր մը, Աստուծոյ կամքով միանալ:

Ազնուութիւնդ, նոյնիսկ մահուան սեմին, ազգասիրութիւնդ մահուան դէմ յանդիման, նոյնիսկ անարթուն վիճակիդ մէջ ցոլացին ընտանիքիդ որոշումով, նոյնիսկ մահովդ փրկեցիր կեանքեր, բան մը, որ մենք մեր ողջութեան, արթնութեան չկրցանք ընել, վստահ այս մէկը գիտնալով ժպիտդ եւ արցունքներդ միանգամայն կը փայլին հիմա մեր վրայ…

Ճերմակ հոգիիդ վայել ճերմակ դագաղիդ կողքին, այս մեր մութ գոյնի հագուստները եւ տխուր դէմքերը շատ խորթ են, ներկայութեանդ մթութեան չէինք վարժուած, այլ միայն լոյսի եւ ժպիտի… ձիրքը ունէիր բարեկամիդ ցաւը գտնելու, անջատելու եւ չքացնելու:

Կը ներես Րաֆֆ, շատ կը ներես Րաֆֆուկ մեր բոլորին… կը ներես բոլոր այն կատակներուն համար, որոնք թաքուն ցաւցուցած են քեզ, կը ներես բոլոր այն վայրկեաններուն համար, երբ մեր յօնքերը կիտած քեզի նայած ենք եւ կը ներես Րաֆֆ, որ հետդ չէի…

Եւ շնորհակալութիւն… շնորհակալութիւն ընկեր այն բոլոր ժամերուն համար, որոնց ընթացքին ժպիտ պարգեւեցիր մեզի, այն բոլոր օրերուն համար, երբ հասկցար մեզ, այն բոլոր վայրկեաններուն համար, երբ անձնամոռ ու անանձնական կերպով մեզի օգնեցիր…

 

Եղբայր, զաւակ, բարեկամ, ընկեր Րաֆֆի, Րաֆֆուկ…

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ

 

ԼԵՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Share this Article
CATEGORIES