Կովկասեան Շրջապտոյտ Եւ… Ընդհարում

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Յիշատակելի եւ իւրայատուկ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կովկասեան բարձրաւանդակ այցելութիւնը:

Մէկ կողմէն «փրոթոգոլային» հիւրասիրութիւն Երեւանի մէջ… իսկ միւս կողմէն ազերիական ոտնձգութիւններ` Տաւուշի սահմանամերձ տարածաշրջանին մէջ:

Մէկ կողմէ կոչ` խաղաղութեան եւ դիւանադիտական գործընթացին, իսկ միւս կողմէն` կրակոց, ռումբ, անդորրութեան խախտում:

Արդեօք նախարար Քլինթըն իրատես չեղա՞ւ, թէ իր կամակատար Ալիեւի ղեկավարութիւնը «կրակի հետ կը խաղար…»: Հրեղէն խաղ մը` կայծ մը, որուն մօտէն ծանօթ ու քաջատեղեակ է… Ի վերջոյ շրջանի մեծագոյն քարիւղ արտադրող երկիրն է Ազրպէյճանը:

Արտաքին գործոց նախարարին համար պարզ եւ յստակ է, թէ այս ընհարումներուն բնականաբար օգտագործուեցաւ ամերիկեան պատրաստութեամբ զինամթերք, եւ այդ ալ` «բարի գալուստ» մաղթելու ոճով, իր իսկ Հայաստան այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ: Ահաւասիկ ոսկի առիթ մը, որ Սպիտակ տունը վերատեսութեան ենթարկէ Պաքուին եւ Ալիեւին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը:

Ապահովական կացութեան այս արագ մագլցումներուն դիմաց, հաւանաբար երկրորդական, բայց միեւնոյն ժամանակ խիստ կարեւոր ու առաջնահերթ սեպուի Նախիջեւանի պատմական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարերուն քանդումն ու սրբապղծումը, որոնց ոչնչացման զանգուածային աշխատանքը տարուեցաւ աւելի քան հինգ տարի առաջ: Մինչդեռ Շուշիի մզկիթն ու Ասկերանի ազերիական գերեզմանները հետեւողական հոգատարութեամբ կը պահուին, եւ այս մէկը ո՛չ թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի խաղաղարար ծրագրին իրագործման գործընթաց, այլ պարզ ու մեկին մշակութային հարստութեան մը պահպանում… Ծրագիր մը, որ օրին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան այս բնագաւառի մէկ հիմնարկը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն փորձած էր յայտարարել, իրագործել եւ կիրարկել:

Նախարար Քլինթըն մօտէն հետեւելով վերջին շաբաթներու անցուդարձերուն` կրնայ լաւապէս ընբռնած ըլլալ նաեւ, թէ «տաքգլուխ» Ալիեւ դիմած է այդ համարձակութեան եւ սխրագործութեան, պարզապէս գինովցած ըլլալով վերջերս Շիքակոյի մէջ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի կողմէ ստորագրուած հռչակագրէն, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանին:

Այսպէս, նախարար Քլինթընի կովկասեան շրջապտոյտը յատկանշուեցաւ Ազրպէյճանի բանակի նախայարձակ ոտնձգութիւններով եւ Ալիեւի յոխորտանքներով:

… Արդեօ՞ք ժամանակն է հին լատինական «Si vis pacem, para bellum» (երբ խաղաղութիւն կը կամենաս, պատրաստուէ պատերազմի) ասացուածքին կիրարկմանը:

 


 

Share this Article
CATEGORIES