Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճանը Զսպելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին
Անցնող շաբթուան ընթացքին հայկական դիրքերու վրայ ազրպէյճանական շարք մը ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հինգշաբթի, յունիս 7-ին, կոչ ըրաւ նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին, որ զսպեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերը եւ գործնապէս աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն:
Շարք մը քոնկրեսականներու գրասենեակներ ուղարկուած նամակին մասին խօսելով` յանձնախումբի կառավարական հարցերու պատասխանատու Քէյթ Նահապետեանը նշեց. «Ժամանակն է, որ Ամերիկա եւ միջազգային հանրութիւնը հասկնան, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստ է իրագործելու իր այն սպառնալիքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմը պիտի վերսկսի: Պատերազմին հսկայ գինը մեզի պէտք չէ արտօնէ, որ անտեսենք նման սպառնալիքներ»:
Յանձանխումբին կողմէ քննարկուած կէտերէն մէկը կը վերաբերի Օպամայի վարչակազմի կողմէ Ազրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օգնութեան անյապաղ կասեցման: «Ամերիկա պէտք է ամբողջութեամբ իրականացնէ Ազատութեան աջակցութեան համաձայնութեան 907-րդ կէտը, որ կ՛արգիլէ որեւէ ռազմական աջակցութիւն Ազրպէյճանին, մինչեւ Պաքու դադարեցնէ իր պատերազմական սպառնալիքները, վերջ տայ բոլոր բռնարարքներուն, ցուցաբերէ հաւատարմութիւն` միայն ոչ ռազմական միջոցներով Հայաստանի եւ Արցախի հետ խաղաղութեան հասնելուն եւ ընդունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչը` ետ քաշելու իր բոլոր արձակազէնները:
Այլ կէտի մը մէջ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը ցարդ լուրջի չէ առած եւ չէ քննադատած Իլհամ Ալիեւի պատերազմական սպառնալիքները:
Օպամայի վարչակազմին կ՛առաջարկուի ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները զսպելու նպատակով դիւանագիտական եւ տնտեսական ճնշումներ բանեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով «լուծելու» Պաքուի մտադրութիւնը:
Հայ դատի յանձնախումբը վարչակազմին կ՛առաջարկէ աջակցիլ Արցախը խաղաղ բանակցութիւններու լիիրաւ անդամ դարձնելու առաջարկին եւ կը շեշտէ, թէ Օպամայի վարչակազմը նաեւ պէտք է պարտադրէ Ազրպէյճանի կառավարութեան, որ վերջ դնէ Ջուղայի հայկական միջնադարեան գերեզմանոցները այցելել եւ հետազօտել փափաքող Ամերիկայի դեսպանատան պաշտօնեաներու եւ փորձագէտներու նկատմամբ սահմանափակումներուն: Հին Ջուղայի յուշարձանները 2005-ի դեկտեմբերին քանդուած են ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր բողոքը արտայայտէ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն նկատմամբ` այցելելով www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=61443201 կայքէջը:


