Նշմար. Տպաւորութիւններ «Կօշիկներս Պոլիս Ձգեցի» Ժապաւէնէն

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԵԶԵԱՆ

Ուրբաթ, 15 յունիսի երեկոյեան, խումբ մը բարեկամներու միացայ «Հայկազեան» համալսարանին մէջ, Նիկոլ Պեզճեանի նկարահանած «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» նոր ժապաւէնը դիտելու:

Եզակի պահ մըն էր, երբ մանաւանդ մեր առօրեայ հեւքէն անջատուելով առիթ կ՛ընծայուէր մեզի, երկար ատեն իրար չտեսած անձերուս, իրարու քով գալու արուեստի գործի մը ըմբոշխնումին համար եւ անդրադառնալու, որ ո՛ւր ալ ըլլանք եւ ի՛նչ ալ ընենք մեր կեանքի ասպարէզին մէջ, լիբանանեան մեր փոխյարաբերութիւնները հայօրէն գործելու եւ յարատեւելու նոյն ոգիէն վարուած են (պարզապէս քանի մը շրջագիծեր յիշելու համար) թէ՛ Նիկոլին ներաշխարհին, թէ՛ «Հայկազեան»-ի բարձրագոյն ուսումնառութեան եւ, իմ պարագային, թէ՛ դպրեվանքի հայ քրիստոնեայ հոգեւորական-մշակութային սպասաւորի թրծման բնագաւառներուն մէջ` հայ սփիւռքի ամենակուլ հովերուն բացուած:

Այս նշմարը չի՛ միտիր ժապաւէնը վերլուծելու ճիգ մը մարմնաւորել. որովհետեւ, այսպիսի ժապաւէններ մէկ անգամ դիտելով չես կրնար հոգեյատակդ փոխադրել: Առաւել, թուրքին հետ կապուած որեւէ երեւոյթ պէտք է ներծծել եւ էութեանդ պատերուն զարնել` մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային հաշուոյն: Իմ կատարածս սիրտէ-սիրտ գացող քանի մը ապրումներ թուղթին յանձնելու փորձ մըն է` հոգեկան վայելք մը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու միտող:

Գնահատելի է Նիկոլին քաջութիւնը եւ մասնագիտական մօտեցումը Պոլիսը – եւ Պոլիսով Կոստանդնուպոլիսն ու Սթանպուլը – մեզի փոխանցելու քայլը: Ան մեզ Պոլիս տարաւ եւ Պոլիսը մեզի բերաւ` հայ ինքնութեան անցեալի ու ներկայի դէմքերու, դէպքերու ու վայրերու վերյառնումով եւ հարցականներու շղթայ մը երկարաձգեց մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր ապագային վրայ:

Չեմ գիտեր, թէ ժապաւէնը դիտողները այդ պահուն հոգեպէս ո՞ւր էին եւ ի՞նչ կը մտածէին, սակայն ես թուրքին եաթաղանէն հազար ու մէկ հնարքներով, վստահաբար նաեւ բախտով, ճողոպրած եւ Պոլսոյ ու հայ սփիւռքի հանգոյցը հանդիսացած Յակոբ Օշականին հետ էի: Օշականի ամբողջ գրականութիւնն ու կեանքը չբաւեց հայ-թուրք յարաբերութիւնը սեւեռելու…: Այնքա՜ն զգաստացուցիչ է իր այս խօսքը. «Այս տողերուն հեղինակը ունի իր ետին աւելի քան կէս դար` գիտակցուած ապրումի: Ու չի յիշեր օրը ուրկէ չըլլար անցած առնուազն թուրքին գարշանքը» (Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, ա. հատոր, Երուսաղէմ, 1945, էջ 92):

Այս ժապաւէնէն երկու տիրական երեւոյթներ կը մնան ներսիդիս.

Առաջին, այսօր Թուրքիոյ տարածքին – եւ հայերուս համար առաւելաբար Պոլսոյ մէջ – կը տիրէ 1908-ի կեղծ սահմանադրութեան խաբուսիկ եղբայրութեան կրկներեւոյթը: Պէտք է փշրել հին կաղապարները, պէտք է կամուրջներ հաստատել, պէտք է հայն ու թուրքը զիրար հասկնան, իրարու բացուին, զիրար լսեն. սակայն, յետոյ… թուրք միտքերու եւ սիրտերու մէջ ամբարուած թրքութիւնը կը փոխուի՞, պիտի փոխուի՞, բարի դրացնութիւն պիտի կարենա՞նք հաստատել թուրքին հետ, անոր կեղծ դիմակը պիտի պատռուի՞ օր մը: Օսմանեան կայսրութեան փլուզումի օրերու յուսալից եւ լաւատեսական օրերու յամեցող պատրանքը կայ այսօր, թէ արդի, աշխարհիկ եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն հաւասար աչքով նայող Թուրքիա մը կերտուած է եւ կամ կերտուելու ճամբուն վրայ է: Յուսամ պատմութիւնը ինքզինք չի՛ կրկներ եւ հանրապետական Թուրքիոյ զգեստը իթթիհատական կանգունով չի՛ ձեւուիր:

Երկրորդ, այսօր Պոլսոյ մէջ հայեր եւ այլ ոչ թուրքեր կը նախընտրեն իրենց գոյութեան վտանգին սպառնալիքը ներկայ կառավարութեան բաշխած փշրանքներուն բարեացակամութեամբ դիմագրաւել, առաւել քան ձուլուելու եւ անհետանալու վախով վարշամակուիլ: Հայ Պոլիսը մեր բռնագրաւուած հայրենիքին, ներկայ Հայաստանին եւ հայ սփիւռքին եռուղիներուն վրայ գտնուող տեղ մըն է եւ ունի իր իւրայատուկ հոգեխառնութիւնը, որուն կրցած է Նիկոլ իր առաջին այցելութեան ճախարակով ներթափանցել: Ժապաւէնին տուածէն աւելին ուզողներ պիտի ըլլան անշուշտ եւ այս մէկը արդարօրէն, որովհետեւ տակաւին ծրարուած բազմաթիւ ծալքեր կան, որոնք որպէս խռովք եւ մտորում մեզի հետ գերեզման պիտի իջնեն եւ կամ մեր կողմէն տարբեր-տարբեր միջոցներով լոյսին պիտի գան:

Նիկոլ երբ Պոլիս գնաց իրեն հետ ի՞նչ տարաւ: Չենք գիտեր: Սակայն գիտենք, թէ իր կօշիկները հոն ձգեց:

Պոլիսը բիւրաւոր գաղտնիքներու եւ սարսռալից դաւերու քաղաքն է ու ամէն մարդերու նման այսօր քիչ մը ամէն տեղէն հայեր ալ Պոլիս կ՛երթան: Օրինակ, Հայաստանէն հայեր արձակուրդի Պոլիս կ՛երթան, որովհետեւ հայաստանցի հայու մը հաւաստումով. «Աւելի թանկ է Երեւանում քո տան մէջ հանգստանալը, քան Թուրքիայում»: Լիբանանէն եւ Սուրիայէն հայեր Պոլիս կ՛երթան – սկիզբը կ՛ամչնային ըսելու, թէ Թուրքիա կ՛երթան. լսած եմ, որ մինչեւ այսօր «Գերմանիա կ՛երթանք» ըսողներ կան (հայկական խղճալի ինքնախաբէութիւն) – աւելի աժան կաշի եւ կերպաս գնելու, միաժամանակ համով քեպապ ուտելու եւ «հայկական հին տեղեր»-ը այցելելու: Ամերիկայէն Լիբանան եկողներ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի հաշուոյն քանի մը տոլար խնայելու մխիթարութեամբ Պոլիսէն կ՛անցնին: Աւելին չըսենք, որովհետեւ «գեղեցիկ Պոլիս»-էն անպատմելի հեշտանքներու պատառիկներ ալ հասած են շատերուս ականջը…: Ուրախ եմ, որ այս բոլորէն տարբեր Պոլիս մըն է Նիկոլին պատկերածը. ան մե՛ր մշտնջենական Պոլիսն է, այսօրուան թուրքի՛ն Պոլիսը, երկուքին խառնուրդ Պոլիսը:

Մենք երբ Պոլիս կ՛երթանք ի՞նչ կը տանինք մեզի հետ: Պէտք չունինք իրարու հաշիւ տալու. նոյնիսկ այլեւս պէտք չունինք երթալու կամ չերթալու արդարացուցիչ պատրուակներ ալ հնարելու: Սակայն գոնէ իրարու հարցնենք, թէ ի՞նչ ձգեցինք Պոլսոյ մէջ:

Մուշեղ Իշխան իր «Կիլիկիոյ արքան» թատերախաղին մէջ, տան հիւրասենեակին պատէն կախուած Սիսի նկարին հովանիին տակ, Լեւոն «Կիլիկիոյ արքայ»-ին եւ անոր կօշիկի վաճառական (չեմ գիտեր կապ մը կա՞յ Նիկոլին կօշիկներուն հետ…) եղբօր` Վահանին երկխօսութեան մէջ կը հակադրէ առաջինին Կիլիկիա վերադարձի հաստատամտութիւնը (թէկուզ ցնորական կամ վերացական) եւ երկրորդին շուկայիկ չերչի նկարագիրը: Կեանքը դրամով կշռող Վահաններ շատ կան մեր մէջ. զիրենք հանգիստ ձգենք եւ Լեւոնին հետ մեր Սիսերը գրկելով ըսենք. «Ասիկա հոս, պատին վրայ միայն պատկեր է, իսկ հո՜ն, ծովերէն անդին, լեռներէն անդին` հող է, այգի, պարտէզ, բերդ ու դղեակ®»:

Նիկոլ նորէն Պոլիս պիտի երթա՞յ կօշիկները գտնելու, պիտի գտնէ՞, թուրքի՞ն պիտի ձգէ: Ա՛յս ալ հիմա չենք գիտեր: Սակայն պէտք է գիտնանք. որովհետեւ այդ կօշիկները այլեւս միայն իրեն չեն պատկանիր: Իսկ եթէ պիտի երթայ, ես կ՛ուզեմ իրեն ընկերանալ…:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES