Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Մարդու Շահագործման Դէմ Պայքարի Համագումարին
Հինգշաբթի 14, եւ ուրբաթ 15 յունիս 2012-ին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ընկերային արդարութեան բաժանմունքին եւ Լիբանանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան միացեալ ծրագրումով, Պէյրութի մէջ մարդու շահագործման դէմ պայքարին նուիրուած համագումար մը տեղի ունեցաւ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ այս համագումարին մասնակցեցաւ երէցկին Մանիա Միսիրեան:
Միջազգային եւ լիբանանցի մասնագէտներ, դեսպանութիւններու եւ նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագովներ նախ քննարկեցին այս հրատապ հարցին իրաւական երեսը եւ ապա գործնական առաջարկներով ցարդ կատարուած աշխատանքը բարելաւելու քայլերու դիմեցին:
CATEGORIES Գաղութային

