Ռուսական Երկու Մարտանաւեր Սուրիա Կ՛ուղղուին

«Նիքոյլայ Ֆիլչենքով» մարտանաւը

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ծովուժին պատկանող երկու մարտանաւեր Սուրիա կ՛ուղղուին` պաշտպանելու համար Սուրիոյ մէջ գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ Թարթուսի մէջ ռուսական ծովուժի ռազմակայանը:

Ռուսական ծովուժէն աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ «Նիքոլայ Ֆիլչենքով» եւ «Ցեզար Քունիքով» մեծ նաւերը կը պատրաստուին անհրաժեշտութեան պարագային ապահովելու սուրիական Թարթուս նաւահանգիստի զօրակայանի եւ ռուս քաղաքացիներու անվտանգութիւնը: Հաւանաբար ռազմակայանի գոյքին մէկ մասը արտահանուի: Գործողութեան ժամկէտը չի յստակացուիր»: Նոյն զարգացման առնչութեամբ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ անյայտ կը մնայ այդ մարտանաւերով տեղափոխուող նաւաստիներու քանակը:

Նշենք, որ Թարթուսը նախկին Խորհրդային Միութենէն դուրս Ռուսիոյ ծովուժի միակ ռազմակայանն է:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Մուհսեն շրջանին մէջ ականի մը պատրաստութեան ընթացքին պայթում տեղի ունեցած է: Պայթումին պատճառով սպաննուած են ականը պատրաստող չորս «ահաբեկիչներ», ներառեալ` Ապու Քաթատա անունով ծանօթ Տահամ Քաթատը, որ անդամ է Քայիտայի:

Մինչ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Նաւի Պիլայ պահանջեց դատել Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու դէմ կատարուած յարձակումին պատասխանատուները, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռուսիա Եոմ»-ին յայտնեց, որ »մենք դէտերու պաշտպանութեան, անձնական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի եւ տեղափոխութեան ապահովման կողքին ենք»:

Ան ըսաւ, որ «սուրիական կառավարութիւնը անցնող ամբողջ երկու ամիսներուն ընթացքին ոչ իսկ խօսք մը ըսաւ, անոնք այցելեցին Սուրիոյ մէջ իրենց ուզած վայրերը, բացի անոնցմէ, զորս ահաբեկչական խմբակները արգիլեցին, որ այցելեն»:

Մըքտատ յայտնեց, որ սուրիական ղեկավարութիւնը դէտերու առաքելութեան 3 կամ 4 նպատակ ու հիմնական պարտականութիւն ճշդած է, որոնք են` «հակառակ բոլոր ըսուածներուն, որոնց համաձայն չենք, մենք ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին հետ ենք եւ անոր վեց կէտերէն շատեր գործադրեցինք: Մենք դէտերու առաքելութեան աշխատանքին հետ ենք, եւ ինչպէս նշեցի, անոր կարելի բոլոր դիւրութիւնները ընծայեցինք, եւ մենք դէտերու պաշտպանութեան, անձնական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի եւ տեղափոխութեան ապահովման կողքին ենք: Աւելի՛ն, դէտերու առաքելութեան որեւէ տեղ այցելել չարգիլուեցաւ, որովհետեւ վստահ ենք, որ մեր մօտ գոյութիւն ունեցող քաղաքական կամքը երկխօսութեան վրայ հիմնուած է, իսկ զինեալ խմբաւորումներուն ամէնէն արդիական զէնքերն ու հաղորդակցութեան սարքերու տրամադրումը խաղաղ լուծումի մը գոյացման արգելք կը հանդիսանայ»:

Նշենք, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` միջազգային դէտերու առաքելութեան հետ գործակցելու, անոր անդամներուն ապահովութիւն երաշխաւորելու, բռնարարքները դադրեցնելու եւ Անանի ծրագիրի վեց կէտերը գործադրելու:

Share this Article
CATEGORIES