Եգիպտոս. Մուրսիի Գրասենեակը Յայտարարեց Իսլամական Թեկնածուին Յաղթանակը

Նախքան Եգիպտոսի մէջ շաբաթ եւ կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանի պաշտօնական արդիւնքներուն յայտարարութիւնը, Իսլամ եղբայրներու նախագահական թեկնածու Մոհամետ Մուրսիի ընտրական գրասենեակը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին Մուրսի յաղթանակ արձանագրած է, իսկ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ժամանակաշրջանի վերջին վարչապետ Ահմետ Շաֆիքի ընտրական գրասենեակը կասկած յայտնեց Մուրսիի ընտրական գրասենեակի յայտարարութեան նկատմամբ:

Իսլամ եղբայրները յայտարարեցին, որ իրենց թեկնածուն ապահոված է քուէներուն 52 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը` 48 առ հարիւրը:

Իր ընտրական գրասենեակին յայտարարութենէն ետք, Մուրսի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ աշխատանք պիտի տանի եգիպտացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հետ ազգային համախոհութիւն յառաջացնելու: Ան ամբողջ եգիպտացի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց` փափաք յայտնելով, որ «մէկ բռունցք ըլլալով ուղղուինք դէպի աւելի լաւ ապագայ, դէպի ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն»: Ան նշեց, որ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ պիտի կանգնի եւ «ժողովուրդին ծառայ» պիտի ըլլայ»: Ան ողջոյնի խօսքեր ուղղեց իսլամ եւ քրիստոնեայ եգիպտացիներուն, ինչպէս նաեւ «մզկիթներու եւ եկեղեցիներու Եգիպտոսին»:

Նշենք, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ այս ամսուան վերջաւորութեան իշխանութիւնը պիտի փոխանցէ նորընտիր նախագահին:

 

Share this Article
CATEGORIES