Ռոմնի Նախագահ Դառնալու Պարագային Իրանի Դէմ Յարձակում Պիտի Գործէ
Մասաչուսեց նահանգի նախկին նահանգապետ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թեհրանը զգուշացուցած է` յայտնելով, որ նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու պարագային պատրաստ է Թեհրանը հիւլէական զէնք ունենալու կարելիութենէն զրկելու համար Իրանի դէմ ուժ կիրարկելու:
«Կրնամ պնդել, որ եթէ ես նախագահ դառնամ, ապա իրանցիները ոչ մէկ կասկած թող ունենան, թէ պատրաստակամ եմ անհրաժեշտութեան պարագային զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկելու, որպէսզի իրենք աշխարհի համար հիւլէական սպառնալիք չդառնան», ըսած է Ռոմնի:
Ըստ անոր, զինուորական գործողութիւններու սկսելու համար իրեն անհրաժեշտ պիտի չըլլայ քոնկրեսի արտօնութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես իր կարգին խօսած է Իրանի դէմ ուժի կիրարկման մասին` ընդգծելով, որ զինուորական միջամտութեան սպառնալիքը «զուտ մարտավարական քայլ չէ»:


