Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` անդրադառնալու համար շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց յարգելու Լիբանանը եւ մերժելու զայն դէպի Սուրիա զէնք եւ բռնարարքներ գործելու յատուկ սարքեր արտածելու յատուկ հող մը դարձնելու իրականութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը շինիչ քննադատութիւն կատարելու փոխարէն կը փափաքի քանդել ամէն բան:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը ստանձնած են հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովութեան պաշտպանութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք ամէն պարագայի կը զօրակցի երկխօսութեան սկզբունքին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական բանակը արգիլած է Լիբանանէն Սուրիա ահաբեկիչներու խումբի մը մուտքը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբերը յայտնեց, որ Հըզպալլա լաւապէս գիտէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը մօտիկ ապագային պիտի տապալի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յառաջիկայ շաբաթավերջին եռօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Զահլէ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ գաղտնաբար կը միտի 5 միլիոն տոլար ծախսել ջրամբարներ կառուցելու նպատակով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է պահել այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ սուրիական բանակը ներթափանցումներ կը կատարէ: Այս շրջագիծին մէջ Հարպ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան յստակ կեցուածք մը ճշդելու սուրիական բանակի կատարած ոտնձգութիւններուն դէմ:
ԶԲՕՍՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, յատկապէս նկատի ունենալով դէպի Լիբանան զբօսաշրջիկներու հոսքին կասեցումը: Ապպուտ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն բնակչութիւնը Լիբանան այցելութիւնը պոյքոթի ենթարկած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ պէտք չէ Թուրքիան նկատի ունենալ իբրեւ օրինակելի երկիր կամ պետութիւն` աւելցնելով, որ անիւներու հրկիզումը կարելի է հասկնալ քաղաքական առումով: «Ելեկտրական հոսանքի տագնապը թեքնիք հարց է եւ անոր պատասխանատու է Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ոչ միայն ուժանիւթի նախարարը», ըսաւ Ասուատ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի զօրութիւնը ապահովող սկզբունքներուն պահպանումը` դիտել տալով, որ Լիբանանը պէտք է զօրաւոր մնայ իր ժողովուրդով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նիստը անհրաժեշտութիւն է Լիբանանը պաշտպանելու, իսկ Դիմադրութիւնը տակաւին կը պայքարի ազատագրելու լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերը: «Դիմադրութիւնը կը մնայ իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ պայքարելու Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան ողնաշարը», ըսաւ Մուսաուի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց վերաշինելու Նահր Պարետ գաղթակայանը եւ պաղեստինցի գաղթականները վերադարձնելու իրենց բնակարանները: Ան նշեց, որ Նահր Պարետի ապահովական միջոցառումները կ՛որդեգրուին լիբանանեան բանակին կողմէ` յայտնելով միաժամանակ, որ այդ մասին ինք լուր չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ եթէ երկխօսութեան յաջորդ նիստին Դիմադրութեան զէնքին հարցը չքննարկուի, ապա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պէտք է հրաժարին այդ նիստէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

