Ահմետ Ասիր Կոչ Կ՛ուղղէ Հըզպալլայի Իր Զէնքը Յանձնելու Լիբանանեան Պետութեան
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ, շէյխ Ահմետ Ասիր Սայտայի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ոճրագործ է` աւելցնելով, որ անոր հետեւորդները խոզեր են:
Ասիր կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները տուն դարձնելու նշելով միաժամանակ, որ այդ արարքը կապ չունի յեղափոխութեան հետ:
Ասիր յայտնեց, որ պէտք է զգուշանալ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութենէն եւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ յարանուանական ոչ մէկ պատերազմ պիտի արձանագրուի:
Միւս կողմէ, շէյխ Ասիր Դիմադրութեան անդրադառնալով նշեց, որ իրենք կը փափաքին շիի համայնքին հետ խաղաղութեամբ ապրիլ` աւելցնելով սակայն, որ Հըզպալլա իր զէնքը պէտք է յանձնէ լիբանանեան պետութեան:
Անդրադառնալով պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանի իրադարձութիւններուն` Ասիր բանակէն պահանջեց այդ առնչութեամբ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել:

