Ըստ Անպաշտօն Աղբիւրներու Սինիորա Ստացած Է Մահուան Սպառնալիքներ

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա ստացած է մահուան բազմաթիւ սպառնալիքներ:

Անպաշտօն աղբիւրներ շեշտած են, որ Սինիորայի դէմ արձանագրուած սպառնալիքներէն տեղեակ են նաեւ բարձր մակարդակի շրջանային եւ միջազգային ուժեր:

Այս անպաշտօն աղբիւրներուն համաձայն, Սինիորայի կողքին նշուած են նաեւ հիւսիսային Լիբանանի շրջանէն չորս քաղաքական անձնաւորութիւններու անուններ, որոնք իրենց կարգին մահափորձի թիրախներ կը նկատուին:

 

Share this Article
CATEGORIES