«Ներկայ Հանգրուանը Շատ Դժուար Է Եւ Պէտք Է Կառչած Մնալ Ազգային Համերաշխութեան» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Հիմնարկէքի արարողութենէն պահ մը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը եւ զանոնք ամրապնդելու ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Ֆրենժիէ նշեց, որ դաւադրութիւնը այս կամ այն քաղաքական կողմին կամ համայնքին միջեւ խտրութիւն պիտի չդնէ` աւելցնելով, որ իբրեւ քրիստոնեաներ պէտք է հաւատանք Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հողին, որպէսզի կարենանք գոյատեւել ու պայքարիլ:

Ֆրենժիէ այս յայտարարութիւնը կատարեց Լիբանանի մարոնիական միաբանութեան Մար Ժըրժոս վանքին մէջ` թատրոնի յատուկ կառոյցի մը հիմնարկէքը կատարելու ընթացքին:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանը դժուար է, եւ յառաջիկայ օրերը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլան` նկատել տալով միաժամանակ, որ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հողին նկատմամբ մեր հաւատքին համապատասխան է, որ իբրեւ քրիստոնեաներ պիտի կարենանք տոկալ եւ գոյատեւել:

Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ ամբողջ շրջանը սպառնալիքի տակ կը գտնուի իր բոլոր համայնքներով եւ յարանուանութիւններով, իշխանամէտներով եւ ընդդիմադիրներով, «եւ մենք պէտք է կառչած մնանք մեր ազգային գոյակցութեան, համերաշխութեան եւ միասնականութեան», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES