Նախարար Սապունճեան Այցելեց «Պիել»-ի Իրանեան Ցուցահանդէսը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցող իրանեան ցուցահանդէսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի, նախկին նախարար Էլիաս Հաննայի, Լիբանանեան ճարտարարուեստի միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշի եւ շարք մը լիբանանցի գործատէրերու:
Այցելելէ ետք ցուցահանդէսին բոլոր տաղաւարները` նախարար Սապունճեան շեշտեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին ընթացքին նախարար Սապունճեան բացատրութիւններ լսեց իրանեան արտադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրանեան փորձառութիւններէն օգտուելու կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին:
Ճարտարարուեստի նախարարը շեշտեց, որ Լիբանան առաւելագոյն չափով կարեւոր կը նկատէ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու եւ այդ ցուցահանդէսներուն ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը ապահովելու առումով:
Նախարար Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի` Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններուն բարելաւումը ապահովելու ջանքերուն համար:
Ան շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդել տնտեսական, ճարտարարուեստի եւ առետուրի մարզերուն պարագային:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի, երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, երէկ ներկայ գտնուեցաւ տնտեսութեան յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:
Յանձնախումբը մերժեց պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ տուրքերուն յաւելումը, ինչպէս նաեւ շեշտեց տնտեսական ու ընկերային հարցերուն շուրջ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ տնտեսութիւնը քաղաքական իրավիճակէն անջատելու կարեւորութիւնը:


