Ռաատ Կը Զգուշացնէ Ապահովական Խախտումներէն

Մոհամետ Ռաատ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի, որուն յանձնեց Հըզպալլայի կողմէ ցաւակցագիր մը` Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզի մահուան առիթով:

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան  հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Ասիրի Ռաատի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկու կողմերը ընդգծած են լիբանանեան ներքին միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռաատի` անոր կատարած այցելութեան համար, եւ շնորհակալական խօսք ուղղած է նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան`                        շեշտելով, որ Լիբանանի կողմէ Ռիատի սուգը բաժնելու պատրաստակամութիւնը կը բխի երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւններէն:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռաատ զգուշացուց Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ապահովական խախտումներէն` նշելով, որ Լիբանան տակաւին ենթակայ է իսրայէլեան յարձակումներուն:

Ռաատ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ապահովական միջադէպեր ստեղծող կողմերը կը փափաքին Լիբանանը մասնակից դարձնել Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին եւ հարուածել Լիբանանի զօրութեան բոլոր ռազմավարական յատկութիւնները, որոնք այս հանգրուանին անհրաժեշտութիւն կը նկատուին երկրին համար: Այս շրջագիծին մէջ Ռաատ ըսաւ, որ լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ արձանագրուելիք ապահովական խախտումները երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ կրնան բռնկեցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES