Պըրրի Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Կը Հրաւիրէ Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 21 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանին մէջ:

Միացեալ նիստին հրաւիրուած են ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի նախագիծի մշակման, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին յարաբերութեանց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան, ջուրի եւ ուժանիւթի հարցերու, կենսոլորտի, ազգային պաշտպանութեան եւ ներքին հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին կարգ մը օրինագիծեր:

Share this Article
CATEGORIES