Նախագահ Սլէյման Շարունակեց Երկխօսութեան Նիստին Նախապատրաստական Աշխատանքները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ քննարկեց Ազգային երկխօսութեան նիստին նախապատրաստական աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ յատկապէս այն միջոցառումները, որոնք կ՛որդեգրուին պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիին անվտանգութիւնը:
Նախագահ Սլէյման Շարպելի հետ քննարկեց նաեւ ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան յատուկ օրէնքի մշակումը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ: Քննարկուեցաւ «Պաապտայի յայտարարութեան» հրապարակումէն ետք Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ եւ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար:


