Նախագահելով Հայաստանի Կառավարութեան Արտակարգ Նիստին. «Մենք Յեղափոխական Արդիւնքներ Կ՛Ակնկալենք Կառավարութեան Աշխատանքէն Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահեց կառավարութեան արտակարգ նիստին:

Նիստի օրակարգի հարցերուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը, որ արժանացաւ հաւանութեան: Սահմանուած կարգով, այդ ծրագիրը պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին:

Նիստին ընթացքին ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտակարգ նստաշրջան գումարելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեան վերաբերեալ որոշումը:  Որոշման համաձայն, կառավարութիւնը առաջարկեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին` Հայաստանի Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք գումարել Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջան մը:

Հանրապետութեան նախագահը նիստի աւարտին կոչ ուղղեց նոր ձեւաւորուած կառավարութեան անդամներուն` տրամադրուիլ ծանր, բայց պատուաբեր աշխատանքի եւ մաղթեց յաջողութիւն:

«Կառավարութեան կազմին մէջ մենք յեղափոխական փոփոխութիւններ չենք կատարած, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ յեղափոխական արդիւնքներ չենք ակնկալեր գործադիրի աշխատանքէն», կառավարութեան անդրանիկ նիստին ընթացքին յայտարարեց  նախագահ Սերժ Սարգսեան` շեշտելով, որ քաղաքացիներուն խոստացուած փոփոխութիւնները` իւրաքանչիւրին կեանքի որակէն մինչեւ պետական կառավարում, աշխատելու ու վաստկելու կարելիութիւններէն մինչեւ բարձրակարգ կրթութեան ու առողջապահութեան հասանելիութիւն, պէտք չէ ուշանան:

Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, նախորդ տարիներուն ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը Հայաստանի տնտեսութեան կերպարանափոխումն է, որ տեղի ունեցաւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին յաջորդած դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին:

«Տնտեսութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնները, սեփական մարզին հետ աշխատելու նոր ոճը, տնտեսավարման գործընթացին մէջ պետութեան խթանիչ դերակատարութեան նկատելի աշխուժացումը կարելիութիւն  տուած են ապահովելու թէ՛ նոր ներդրումներ ու արհեստագիտական լուծումներ, թէ՛ բաւականաչափ կայուն ընկերային քաղաքականութիւն», նշեց նախագահը` աւելցնելով, որ փոփոխութիւններու շղթան պէտք է նոր թափով ընդգրկէ բոլոր մարզերը:

Այնուհետեւ նախագահ Ս. Սարգսեան նշեց, որ այժմ բոլորին ուշադրութիւնը մասնաւորաբար պէտք է ուղղել դէպի գիւղը եւ գիւղացին: «Պէտք է օժանդակենք գիւղացիին` ստացուած բերքը հաւաքելու, պահելու ու սպառելու գործին մէջ: Հետեւողականօրէն կանգնեցէ՛ք գիւղացիի կողքին, եւ գիւղը կրկնակի արդիւնք կու տայ», կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահը:

Ըստ Ս. Սարգսեանի, 2012 թուականին համար կառավարութեան գործունէութենէն առաջնահերթ ակնկալիքը 7 առ հարիւր տնտեսական աճի ապահովումն է: «Տնտեսական աճը ինքնանպատակ չէ, մեր խնդիրն է կայուն եւ մնայուն զարգացման համար ամուր հիմքեր դնելով` աղքատութեան հետեւողական կրճատումը եւ տեսանելի ապագային անոր ի սպառ վերացումը: Ասիկա պիտի ըլլայ ձեր աշխատանքին գնահատման առաջին ցուցիչը», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, երբ անհրաժեշտ ըլլայ կրկին անդրադառնալ կառավարութեան ձեւաւորման հարցին եւ երբ վիճակագրական ծառայութիւնը ամփոփած ըլլայ 2012 թուականի տնտեսական իրավիճակը, այդ ժամանակ ալ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի կրկին գնահատելու իրականացուող ծրագիրները եւ կատարուած աշխատանքի որակը:

«Կը կարծեմ, որ իմ դրած խնդիրներս պարզ են բոլորին համար: Այդ յաջողութիւններով յառաջիկայ տարիներուն պիտի պայմանաւորուի շատ բան, եթէ չըսենք` ամէն ինչ», եզրափակեց հանրապետութեան նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES