50 Տարի Առաջ ( 20 Յունիս 1962 )
Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիա
Յաւիտենական եւ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, որ երկաթեայ ձեռք մը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն է Թուրքիան կառավարելու համար:
Երկու տարիէ ի վեր պատահած դէպքերը աշխարհի այդ յետամնաց երկրին մէջ` անգամ մը եւս եկան հաստատելու այս ճշմարտութիւնը:
Երբ տասներկու տարի առաջ վերջ գտաւ Աթաթիւրքի հիմնած Հալք կուսակցութեան մենատիրութիւնը, ազատ աշխարհը, մասնաւորապէս ամերիկացիները այն միամիտ հաւատքն ունէին, որ թուրքերը 28 տարուան հանրապետական վարչաձեւէն ետք քաղաքակրթուած էին այլեւս եւ ընդունակ դարձած` մարսելու ժողովրդավարական սկզբունքները:
Պայար-Մենտերես-Քէօփրիւլիւ երրորդութիւնը «դեմոկրատ» պիտակին ետեւ ապաստանած` կը խոստանար արժանաւոր գործակիցը դառնալ Ատլանտեան ուխտի դաշնակիցներուն:
«Դեմոկրատները» պահ մը յաջողեցան խաբել Արեւմուտքը` Քորէա ղրկելով թրքական զօրագունդ մը, որ քաջաբար… բնաջնջուեցաւ: Այս «հերոսութեան» շնորհիւ Թուրքիա իրաւունք ստացաւ ընդունուելու Ատլանտեան ուխտին մէջ, ինչ որ առիթ տուաւ իրեն աւելի խստապահանջ դառնալու եւ «Թրումընի վարդապետութեան» շնորհիւ ստացած տոլարներու քանակը աւելցնելու:
Ցարդ երեք միլիառ տոլարի կը հասնի Թուրքիոյ ստացած օժանդակութիւնը:
Այս պատկառելի գումարը բաւական չեղաւ, սակայն, կշտացնելու թուրք վարիչները, որոնց ախորժակը օրէ օր աստիճան մը աւելի բացուեցաւ: Զեղծարարութիւնն ու կաշառակերութիւնը Մենտերեսի օրով իրենց գերագոյն աստիճանին հասան:
1960 մայիս 27-ի զինուորական յեղափոխութիւնը երիտասարդութեան եւ բանակի ընդվզումն էր ընդդէմ մենատիրութեան:
Ժողովրդավարութիւնը վերակենդանացնելու եւ ամերիկացիներուն աչքին փոշի փչելու քաղաքականութիւնն ալ ձախողեցաւ: Ի վերջոյ նախագահ Կիւրսել ստիպուեցաւ խոստովանիլ, որ Թուրքիան կառավարելու համար ուրիշ մեթոտներ պէտք են:
Այսինքն ըսել ուզեց, որ թուրք յետամնաց ժողովուրդը տակաւին չէ հասած քաղաքական այն հասունութեան, որ կարող ըլլայ մարսելու ժողովրդավարութիւնը:
Անիշխանական վիճակը կը շարունակուի աւելի քան երկու տարիէ ի վեր:
Դահլիճի նոր տագնապը չէ լուծուած դեռ:
Ապագան յղի է անակնկալներով:
Ե՞րբ հրապարակ պիտի գայ երկաթեայ ձեռքը` վերջ դնելու համար անիշխանական վիճակին:
ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ
Հայկազեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը
Հայկազեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 18 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, քոլեճի բակին մէջ:
Երկսեռ շրջանաւարտներ, պաշտօնական համազգեստով, տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմի առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին բակ: Հանդիսականներ յոտնկայս եւ համակրանքով ընդունեցին անոնց մուտքը:
Վեր. Ահարոնեանի աղօթքէն ետք Հայկազեան քոլեճի տնօրէն տոքթ. Մարգարեան հանդէսին բացումը կատարեց եւ վարեց յայտագրի գործադրութիւնը:
Դաշնակի ընկերակցութեամբ, յոտնկայս «Թին իզ տը կլորի»-ի երգեցողութենէն ետք, Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան քարտուղար վեր. Թովմասեան նախ անգլերէն, ապա հայերէնով խօսեցաւ եւ կարեւորութեամբ շեշտեց ներկայ ժամանակներուն մեծ մարդոց անհրաժեշտութեան կարիքին եւ այդ ուղղութեամբ Հայկազեան քոլեճին կատարելիք դերին մասին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ստեփան Մեհակեան, որ Հայկազեան քոլեճի վարչական կազմին հրաւէրով իր կնոջ հետ Ամերիկայէն յատկապէս եկած էր ներկայ գտնուելու այս հանդիսութեան:
Ս. Մեհակեան, որ հիմնադիրներէն եղած է Հայկազեան քոլեճին, հայրենաշունչ ճառ մը խօսեցաւ:
Անդրադարձաւ մեր անցեալի արժէքներուն մասին եւ յստակ պատկերացումով ցոյց տուաւ, թէ մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ հայ ժողովուրդը միշտ յառաջադէմ դիրքերու վրայ գտնուած է, հակառակ անոր որ շատ ծանր կորուստներ կրած է, մանաւանդ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, որուն ապրիլեան եղեռնի զոհերէն է նաեւ տոքթ. Արմենակ Հայկազեան, հայրը` տիկին Մեհակեանի:
«Հայկազեան քոլեճը հիմնուած է 1955-ին, 50-է աւելի պակաս ուսանողներով, եւ այսօր քառապատկուած է անոր թիւը: Իր առաջին հունձքն է, որ կու տայ:
«Հայկազեան քոլեճը հայկական քոլեճ մըն է եւ քրիստոնէական հաստատութիւն մը»:
Այնուհետեւ Ս. Մեհակեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Ազգերու ապագան կախեալ է իր մէջ ունեցած զարգացեալ անհատներու քանակէն: Նուիրումով դաստիարակեցէք եւ բաշխեցէք գիտութեան բարիքները: Սրտագին յաջողութիւն կը մաղթեմ»:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ տնօրէնութեան, վարչական կազմին եւ ուսուցչութեան:
Յետոյ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը: Ստեփան Մեհակեան մէկիկ-մէկիկ յանձնեց վկայականները շրջանաւարտներուն, որոնց անունները արդէն տուած էինք մեր երէկուան թիւով:
Խօսք առաւ նաեւ Չարլզ Հուլաք` անգլերէնով:
Դաշնակի ընկերակցութեամբ եւ յոտնկայս երգուելէ յետոյ «Ֆերըստ Լորտ Ժեզուս»-ը, տոքթ. Մարգարեանի աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

