«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Ճեմարանը, Ամանոս Քէմփի Պարպումը Եւ Թեմական Նոր Դասաւորումներ

Լեւոն Շանթ . . . . . . . . . . . . . . . . . Նիկոլ Աղբալեան

Գահիրէի մէջ 1928 մայիս 28-ին հիմնուեցաւ հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւնը, իբրեւ հիմնական նպատակ ունենալով «հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով», եւ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահել սփիւռքի մէջ, դպրոցներու, հրատարակութեանց, մշակութային եւ գեղարուեստական գործունէութեան ճամբով:

Տարագրութենէն վերապրող հայութեան բեկորները, տարբեր գաղութներու մէջ, վերականգնումի աշխատանքին լծուած էին. սկսած էին կազմակերպուիլ թաղային եւ եկեղեցական մարմիններ եւ բացուած էին նախակրթարաններ: Սակայն այդքանը անբաւարար էր հայութեան մշակութային վերականգնումին համար: Մեծ եղեռնը անճիտած էր մտաւորականութեան ընտրանին եւ հետեւաբար անհրաժեշտ էր հայեցի լուրջ կրթութեամբ օժտուած նոր ուժեր պատրաստել, որոնք կարենային տէր կանգիլ մեր մշակութային ժառանգութեան:

Այս մտահոգութենէն մղուած համազգայինը ձեռնարկեց միջնակարգ հայ վարժարաններու փրկարար գործին եւ այդ առաքելութեամբ Լիբանան ուղարկեց Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը: Անոնք Պէյրութ հասան 1929 հոկտեմբերին եւ ձեռնարկեցին նախապատրաստական աշխատանքը:

Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան դիմումներ կատարեցին ֆրանսական հոգատար իշխանութեան եւ լիբանանեան կառավարութեան մօտ` միջնակարագ վարժարանի մը բացման իրաւունք ձեռք բերելու համար: Անոնք նաեւ սկսան յարմար շէնք մը փնտռել քաղաքին հայաշատ թաղերէն մէկուն մէջ:

Ֆրանսական հոգատար իշխանութենէն վաւերացումը ստացուեցաւ 1930 փետրուարին եւ նոյն ժամանակ ալ Քանթարի փողոցին վրայ փոքրիկ պարտէզով երկյարկանի շէնք մը վարձուեցաւ:

Համազգային Հայ Ճեմարանը բացուեցաւ 3 մարտ 1930-ին, միայն մէկ նախապատրաստական դասարան 15 աշակերտներով` 5 աղջիկ եւ 10 տղայ: Ճեմարանը ընթացիկ ըմբռնումով կրթական հաստատութիւն մը չէր, այլ հայեցի առողջ դաստիարակութեան օճախ մը: Լեւոն Շանթ դարձաւ Ճեմարանի առաջին տնօրէնը: Դպրոցը այնուհետեւ փոխադրուեցաւ Ուատի Ապու Ժեմիլ, հին բայց աւելի ընդարձակ շէնքի մը մէջ:

Հինգերորդ տարեշրջանի նախօրեակին, 1933-ի ամրան «Ազդակ»-ի յաջորդական թիւերու մէջ լոյս տեսան Հայ Ճեմարանի վերամուտի ծանուցումը:

«Հայ Ճեմարանի Հինգերորդ Տարեշրջանը

Հայ ճեմարանը

Հոկտեմբերէն Ճեմարանը կ՛ունենայ իր երկրորդ լսարանը, որ կը համապատասխանէ ֆրանսական լիսէներու classe de première-ին: Այդ լսարանի դիտական ճիւղին հետեւող աշակերտները կրնան ներկայանալ պետական պաքալօրէայի քննութիւններու առաջին մասին: Պաքալորէայի ներկայանալ ցանկացող աշակերտները կ՛ունենան նաեւ քանի մը մասնաւոր յաւելեալ դասեր քննութիւններու պահանջին բաւարարելու համար:

Յառաջիկայ տարեշրջանի վերջէն սկսած` Ճեմարանի չորրորդ դասարանը աւարտողները, եթէ ուզեն, կրնան ստանալ բարձրագոյն նախակրթարանի աւարտման վկայագիր: Այդ դասարանը աւարտողները կրնան ներկայանալ նաեւ brevet élémentaire-պետական քննութիւններուն. ներկայացողներուն համար կ՛ըլլան շաբաթական մէկ-երկու ժամ յաւելեալ աշխատանքներ: Եւ ասկէ ետք չորրորդ դասարանի գիտական դասերն ալ պէտք է աւանդուին ֆրանսերէն լեզուով լսարաններու գիտական բաժնին նման:

Հոկտեմբերէն սկսած աշակերտական վճարները զեղչուած են հետեւեալ կերպով. պատրաստականի եւ առաջին դասարանի աշակերտը պիտի վճարէ հինգ օսմանեան ոսկի. երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտը` եօթը օսմանեան ոսկի. իսկ չորրորդ դասարանի եւ բոլոր լսարաններու աշակերտները պիտի վճարեն ութը օսմանեան ոսկի:

Գիշերօթիկներու վճարը նոյնպէս թեթեւած եւ դարձած է տարեկան քառասուն օսմանեան ոսկի, ուսումն ալ մէջը հաշուած: Հագուստ, գիրք, դեղ եւ ճամբու ծախքը ծնողներուն վրայ:

Ճեմարանի ուսուցչական կազմը հիմնապէս կը մնայ նոյնը, մէկ-երկու մասնակի փոփոխութեամբ եւ մէկ-երկու նոր լրացումներով: Ճեմարանի եօթը մնայուն ուսուցիչները, իբրեւ հաւաքական մարմին մը, այս տարի առած են իրենց վրայ գործի ամբողջ պատասխանատուութիւնն ու ղեկավարութիւնը:

Նոր ու հին աշակերտներ անձամբ պիտի ներկայանան Ճեմարանի տեսչութեան գրասենեակը հոկտեմբեր 2-8: Ամսու 9-12-ը կը կատարուին վերաքննութիւնները: Դասերը կը սկսին հոկտեմբեր 12-ին, հինգշաբթի օրը:

Ամառը գրասենեակը գոց է: Նամակ, դրամ եւ ամէն գրութիւն պէտք է ուղղել Ճեմարանի սովորական հասցէով եւ տեսչի անունով léon Chant Collège Arménien 127 Wadi Abou Jemil, Beyrouth R. L.

Հայ Կարմիր Խաչի Ճեմարանի սաներուն հոգատար մարմինը կը յայտարարէ որ յառաջիկայ տարուան համար Հայ Ճեմարանին մէջ ութը բաց տեղ ունի:

Հայ Կարմիր Խաչի այդ նոր ութը սաները պիտի ընտրուին մրցումով: Մրցումին մասնակցիլ ուզող աշակերտները` աղջիկ կամ տղայ, պէտք է ըլլան մարմնով առողջ վարքով ազնիւ եւ ուսման վճարը տալու անկարող: Մրցումը տեղի կ՛ունենայ միայն առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններուն համար:

Մասնակցիլ ցանկացողները նախօրօք պէտք է դիմեն գրաւոր կերպով Ճեմարանի տեսչութեան եւ հոկտեմբեր 2-8 պէտք է անձամբ ներկայանան Ճեմարան»:

*
*    *

Հիւղաւանի հայ բնակիչներ

Պէյրութի քաղաքապետութեան կողմէ Ամանոս քէմփը պարպելու որոշում առնուած էր: Սկզբնական որոշումին համաձայն քէմփին 300 ընտանիք պարփակող բաժինը պիտի քանդուէր եւ հոնկէ ճամբայ պիտի բացուէր: Բայց յետոյ, քաղաքապետութիւնը, նկատի ունենալով ժողովուրդին թշուառ վիճակը, տեղաւորումի դժուարութիւնը եւ ընդառաջելով կատարուած դիմումներուն, բարեացակամօրէն համաձայն գտնուեցաւ միայն հարիւր հիւղակներ քանդել: Քաղաքապետութիւնը 1933-ի ամրան սկսաւ քանդումի աշխատանքներին: Օրական տասնեակ մը հիւղակներ փլցնելով, քաղաքապետութիւնը տասը օրուան ընթացքին ամբողջացուց հարիւր հիւղակներու քանդումի աշխատանքը եւ ընդարձակ փողոց մը բացաւ հիւղաւանի կեդրոնէն: Անպատասպար մնացած ընտանիքները իրենց ազգականներուն եւ դրացիներուն մօտ տեղաւորուեցան:

Սակայն քաղաքապետութիւնը, հակառակ իր սկզբնական խոստումին, որոշեց շարունակել քանդումի աշխատանքները եւ 350 հիւղակներ փլցնել, յարակից փողոցներ եւս բանալու համար:

Քաղաքապետութեան նոր որոշումին եւ հիւղակները արագօրէն պարպելու հրամայականին առջեւ ժողովուրդը խուճապի եւ անակնկալի մատնուեցեաւ:

Ժողովուրդի մտահոգութեան արձագանգ ըլլալով «Ազդակ» 7 սեպտեմբեր 1933-ի թիւով եւ «Հիւղաւաններու քանդումը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Գրած էինք արդէն որ Պէյրութի քաղաքապետութիւնը որոշած է Ամանոս հիւղաւանի մէջ կարգ մը գլխաւոր փողոցներ հաստատել` ի շահ մեր հայրենակիցներու: Ժամանակին, դժբախտաբար, հայկական հիւղաւանները, Պէյրութի թէ` Սուրիոյ միւս շրջաններուն մէջ, կառուցուած էին խիստ հապճեպով եւ շատ անկանոն, առանց նկատի առնելու առողջապահական տարրական պայմանները: Տախտակէ կամ խոտէ իրարու վրայ շինուած հիւղակներ, որոնք ամենափոքր կայծէ մը կրնան բռնկիլ եւ բռնկեցնել ամբողջ հիւղաւանը, հրոյ ճարակ դարձնելով հարիւրաւոր բնակարաններ:

Ամանոս հիւղաւանը, որ ամենամեծ հիւղաւաններէն մէկը եղած է, եւ ուր դեռ մինչեւ այսօր կը բնակին 10,000-է աւելի հայրենակիցներ, ունի մօտ 2000 հիւղակներ եւ անմիջապէս մօտը կը գտնուի Գարանթինայի շէնքին: Այս հիւղաւանի բնակիչները ընդհանրապէս գործաւորներ են եւ չափազանց չքաւոր վիճակ մը ունի: Վերջերս սաստկացող անգործութեան տագնապը աւելի թշուառացուցած է հոն բնակող մեր հայրենակիցները եւ մօտ 5000 հոգի մնացած են հացակարօտ: Խնամատար մարմինը ստիպուած հարազարաւորներու հաց բաշխելու հարկադրանքին տակ գտնուած է: Օրէ օր կը բազմանան կարօտութիւնները անգործութեան հետ համընթաց եւ կը դառնան անտանելի բեռ մը Ազգին ու Խնամատարութեան վրայ:

Ուրախութեամբ դիտել տուած էինք, քաղաքապետութիւնը, նկատի ունենալով եղած դիմումները շատ բարեացակամ գտնուած է եւ որոշած առ այժմ մի միայն 100 հիւղակներ քանդել եւ գոհունակ միայն ուղղահայեաց փողոցի հաւատումով: Եւ այդ 100 հիւղակներն ալ, համաձայն տրուած խոստումներուն, պիտի քանդուէին որոշ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, յանկարծակիի չի բերելու համար մեր դժբախ հայրենակիցները: Ուրախ ենք որ այդպէս ալ եղած է օրական 10-12 հիւղակներ քանդելով, քաղաքապետութիւնը: 10 օրուան միջոցի յաջողած է ընդարձակ փողոց մը բանալ Ամանոս հիւղաւանի կեդրոնէն: Անպատսպար մնացած 100-է աւելի ընտանիքներ առժամապէս տեղաւորուած են հոս ու հոն. իրենց ծանօթներուն եւ հայրենակիցներուն մօտ եւ բացարձակապէս անկարող են սեփական բնակարաններ ունենալու: Մանաւանդ ներկայ տագնապի օրերուն, երբ ոչ միայն սենեակ մը վարձելու դրամ չունին, այլ զրկուած են չոր հացէ մը անգամ: 8-10 տարի ի վեր բնակութիւն հաստատած այդ շրջանի մէջ, կերպով մը վարժուած են եւ իրենց համար վարկ ստեղծած ի հարկին կրնան ափ մը ոսպ կամ դգալ մը ձիւթաիւղ դնել պատառիկով մօտակայ հայրենակից խանութպանէն եւ դիմադրել անօթութեան սպառնալիքին: Դուրս գալով այդ շրջանէն, տարաբաղդ հայրենակիցը անգամ մը եւս տարագիր պիտի դառնայ եւ պիտի ենթարկուի զարհուրելի թշուառութիւններու: Իրեն բոլորովին անծանօթ եւ օտար միջավայր մը պիտի գտնէ, ուր ոչ վարկ պիտի կրնայ ունենալ եւ ոչ ալ վստահութիւն:

Ցաւով կը տեղեկանանք սակայն որ, քաղաքապետութիւնը, կ՛ուզէ շարունակել քանդումի գործողութիւնները եւ կարճ ատենի մը մէջ մօտ 350 հիւղակներ փլցնել, երկրորդակն փողոցներ ալ բանալու համար հիւղաւանի մէջէն:

Ինչպէս ըսինք, մենք հակառակ չենք քաղաքապետութեան այս առողջապահական ծրագիրներուն եւ ամէնէն աւելի կը փափաքինք որ մեր հայրենակիցներուն բնակած թաղերը վայելել քաղաքապետութեան ուշադրութիւնն ու խնամքը, զերծ մնալու համար ամէն տեսակ աղէտներէ եւ հիւանդութիւններէ: Կ՛ուզենք որ մեր հայրենակիցները ինքնակամ հեռանան եւ տեղաւորուին ուրիշ թաղերումէջ, դիւրացնելու համար մնացողներու գործն ու կեանքը: Սակայն չէինք կրնար երեւակայել որ քանի մը շաբթուան ընթացքին 4-500 ընտանիքներ անպատսպար պիտի թողուին եւ պիտի յանձնուին ճակատագրին: Երբեք չէինք փափաքեր որ, առանց ապահովելու դիւրատար պայմաններ եւ հնարաւորութիւններ, անոնք դուրս նետուէին իրենց հիւղակներէն յանկարծակի կերպով: Եթէ այդ գործողութիւնը տեղի ունենար երկար պայմանաժամով եւ իւրաքանչիւր անդամին փլցուէին 50-100 հիւղակներ, թշուառութիւնը այս աստիճան սոսկալի պիտի չըլլար: Կերպով մը, պիտի կրնային տեղաւորուիլ մեր հայրենակիցները, մէկ կողմէ Խնամատար մարմնի ջանքերուն եւ միւս կողմէ ալ Ազգերու Դաշնակցութեան տեղաւորման յանձնախումբի ներկայացուցչութեան ցոյց տալիք դիւրութեանց շնորհիւ:

Մենք կը հաւատանք եւ համոզուած ենք որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու Պէյրութի քաղաքապետութիւնը լաւագոյն տրամադրութիւններ կը սնուցեն մեր հալածական ժողովուրդին հանդէպ եւ ունին բարեացակամ վերաբերմունք: Անոնք չեն ուզեր որ իրենց ճակատագրահալած հպատակներն ու քաղաքացիները նոր չարչարանքներու եւ հալածանքներու ենթարկուին: Վստահ ենք որ ապարդիւն պիտի չի մնան եղած դիմումները եւ երկար պայմանաժամով մը պիտի յետաձգուին քանդումի գործողութիւնները, մինչեւ որ հնարաւորութիւններ ստեղծուին անպատսպար հայրենակիցներու տեղաւորման:

Մինչ այդ, անգամ մը եւս կը թելադրենք մեր քիչ շատ ի վիճակի եղող հայրենակիցներու, որ առանց սպասելու քանդումի ժամը, օր առաջ, իրենց կամքով եւ միջոցներով դուրս գան հիւղաւաններէ եւ տեղաւորուին թաղերու մէջ: Այդ կերպով, ոչ միայն դիւրացուցած կ՛ըլլան կառավարութեան գործը, այլ օգնած կ՛ըլլան իրենց հայրենակիցներուն»:

*
*    *

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Լիբանան եւ Սուրիա ապաստան գտած հայութիւնը եկեղեցակօրէն չորս թեմերու բաժնուեցաւ: Սկզբնական շրջանին Պէյրութ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա Երուսաղէմի պատրտարքուեթան պատկանող հոգեւոր հովուութիւններ էին: 1929-ին անոնք Կիլիկիոյ կաթողիկոսուըեն փոխանցուեցան: Կիլիկիոյ պատմական թեմարէն մնացած էին Բերիոյ (Հալէպի), ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թեմերը:

Պէյրութի, Դամակոսի եւ Լաթաքիոյ հովուութիւններուն Երուսաղէմի պատրտիարքութենէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսուեթան փոխանցուէմն ետք, հոգատար երկիրներուն մէջ կազմակերպուեցան Լիբանանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ թեմերը:

1933-ի ամրան թեմական եւ վարչական նոր փոփոխութիւններ ւ դասաւորումներ եղան: Լաթաքիոյ թեմը վերցուեցաւ եւ Լաթաքիա, Անտիոլ եւ Ալեքսանտրէթը իրենց գիւղերով միացուեցան եւ վերակազմուեցաւ Անտիոլի պատմական թեմը: Իսկ Բերիոյ թեմին պատկանող Համայի եւ Հոմսի շրջանները Դամասկոս թեմին կցուեցան:

Թեմական նոր փոփոխութիւններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 10 նոյեմբեր 1933-ի թիւով եւ «թեմերու կազմակերպութիւնը» խմբագրականով կը գրէր.

«1920 հոկտեմբերին, Ֆրանքլէն Պույյոնի եւ Էնկիւրիի կառավարութեան միջեւ կնքուած դաշնագրին հետեւանքով կիլկեհայութիւնը ստիպուեցաւ հեռանալ իր հայրենիքէն եւ ապաստանիլ հարեւան երկիրներու մէջ: Շնորհիւ իր մօտիկուեթանե ւ Ֆրանսայի հովանաւորութեան, Սուրիա եւ Լիբանան ընդունեցին մեծամանսութիւնը աղէտուած հայուեթան: Հայ ժողովուրդի հետ միասին տեղահան եղան նաեւ իր հոգեւոր պետերն ու իշխանութիւնները: Սուպրիոյ մէկ մասը արդէն կազմելով Կիլկիւյ կաթողիկոսուեթան թեմ, Ծերունազարդ Վեհափառը իր Աթոռը փոխադրեց Սուրիա եւ վերջէն ֆրանսական կառավարութեան մասնաւոր որոշմնադրով ճանչցուեցաւ հովանաւորեալ երկիրներու մէջ գտնուող հայութեան հոգեւոր ընդհանուր պետ:

Աւելի վերջ, Երուսաղէմի պատրիրաքութեան եւ կաթողիկոսութեան միեւ տիրող երկուութեան վերացումով, ամրացաւ Վեհափառի դիրքկ եւ անմիջապէս սկսաւ ազգային կազմակերպուեաթ աշխատանքին: Տեսնելով կազմակերական աշխատանքներու անհրաժեշտութինն ու ծանրութիւնը, վեհ. Սահակ Բ. իրեն օգնական հրաւիրեց գեր. Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանը, որ վերջէն, Ազգային Համագումարի միջոցաւ ալ Աթոռակից եւ ծերունի կաթողիկոսին յաջորդը ընտրուեցաւ:

Թեմերու կազմակերպութեան գործը կը կազմէր առաջին եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը վեհաբառներու: Թէպէտ կաթողիկոսութիւնը չորս թեմեր ունղր հովանաւորեալ երկիրներու մէջ` Լիբանան, Հալէպ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա, սակայն, դժբաշխտաբար Սահմանադրական եղանակով ազգային կազմակերպութիւն գոյութիւն չունէր կարգ մը թեմերու մէջ: Բացի այդ, Անտիոլի շրջանը, իր ստուարթիւ հայութիւնով, բոլորովին անթեմ եւ անհովիւ մնացած էր:

Թեմերու բաժանումին մէջ ալ անկանոնութիւններ եւ անպատշաճութիւններ կային: Օրինակի համար, Ալսխքեանհրէթ քաղաքը իր շրջաններով կը բաժնուէր Անտիոլի թեմէն եւ կը մտանար Հալէպի թեմին, ստեղծելով կարգ մը դժուարութիւններ` վարչական եւ կազմակերպական:

1932 մարտ 8-ին գումարուող կաթողիկոսութեան եպիսկոպական ժողովը, նկատի ունենալով թեմերու կազմակերութեան եւ սահմանադրական ու միօրինակ վարչական դրուըեան ստեծումի անհրաժեշտութիւնը, պատրաստած էր ծրագիր մը եւ ներկայացուցած կաթողիկոսարան: Ըստ եպիսկոպոսական ժողովի որոշման, Ալեքսանտրէը սանճագը ամբողջութեամբ եւ Լաթաքիոյ թեմը միասնաբար պիտի կազմէին` մէկ թեմ եւ պատմական անունով այդ վերակազմեզի թեմ պիտի կոչուէր «Առաջնորդութիւն Անտիոլի», ինչպէս գոյութիւն ունէր նաք քան պատերազմ եւ ենթակայ էր Կիլիկիոյ կաղոիկոսութեան: Այս որոշումով արդէն Ալեքսանտրէթ բաժնուած կ՛ըլլար Հալէպէն եւ կը վերանար վարչական դժուարութիւնը, որ կը ստեղծուէր այդ քաղաքի հալէպէի թեմին մաս կազմելով:

Մարտ 8-ի եպիսկոպոսական ժողովը կարգ մը փոփոխութիւններ կ՛որոշէր նաեւ միւս թեմերու սահմաններուն մէջ, որովհետեւ տեսնուած էր որ Հալէպի թեմը երկարելով մինչեւ Տէր Զօր եւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանները եւ հարաւ` մինչեւ Լիբանանի եւ Դամասկոսի կուսակալուեթան սահմանները, վարչական ծանր դժուարութիւններու կ՛ենթարկուէր: Հետեւաբար Համայի եւ Հոմսի շրջանները կը կցուէր Դամասկոսի թեմին:

Եւ ահա, թէպէտ բաւական ուշ, սակայն վերջապէս յաղթելով վարչական դժուարութիւնները, Կաթողկոսարանը այս ամառ ձեռնարկեց  այդ երկու թեմերու կազմակերպութեան գործին: Խադ եպիսկոպոս Դամասկոսէն փոխադրուեցաւ Անտիոլ եւ Կաթոիըկոսարանի կողմէ տրուած հրահանգին համաձայն կազմեց առժամանակեայ վարչական ժողով մը, որուն գործակցութեամբ պիտի վերակազմուի Անտիոքի Առաջնորդական թեմը եւ պիտի ընտրուին ժողովները ըստ Սահմանադրութեան: Առժամեայ վարչական ժողովի կազմը ամէն յոյս կը ներշնչէ մեզ որ այդ կարեւոր թեմի կազմակերպութիւնը եւ Սահմանադրական մարմիններու ընտրութիւնները շուիով պիտի իրականանան եւ պիտի սկսին աշխատանքի: Որովհետեւ շատ մեծ գործ կայ այդ թեմի մէջ կատարուելիք: Օր առաջ պէտք է լրացնել կազմակերպական աշխատանքները: Հայ գիւղացիութիւն այդ շրջաններու մէջ կ՛ապրի տնտեսական շատ տագնապալի վիճակի մը մէջ եւ պէտք ունի օժանդակութեան: Մանաւանդ կրթական գործը լուրջ հոգածութեան առարկայ պէտք է դառնայ Անտիոլի թեմին մէջ:

Դամասկոսի թեմը եւս պէտք է վերակազմուի շուտով եւ ստեղծուին հոն եւս սահմանադրական մարմիններ, վարելու համար ազգային գործերը: Պէտք չէ մոռնալ որ բացառիկ կըարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ այս թեմը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Պէտք չէ թողուլ որ յարաբերական աշխատանքները վարուին ըստ կամայակնուեթան: Ուեէ պարագային, կարլի է հրաւիրել օժանդակութիւնը հայ երեսփոխաններու, որոնք ունին լայն շրջանակներ եւ յարաբերութեան ամէն յարմարութիւններ:

Այս երկու թեմերու կազմակերպուեթան լրացումով, կաթողիկոսարանը կ՛ունենայ չորս կանոնաւոր թեմեր եւ հովանաւորեալ երկիրներու հայ գաղութն ալ կ՛օժտուի ներքին ուժեղ կազմակերպութեասբ մը, սահմանադրական հիմունլներով Աթոռակից վեհափառը, վստահ ենք որ կազմակերպական աշխաիտանքներու արագ լրացումին համար անպակաս պիտի ընէ իր հսկողութիւնը եւ առիթ պիտի չտայ ձգձգումներու, որովհետեւ անմիջական եւ աւելի կարեւոր աշխատանքներ կան թեմերու  կազմակերպութենէն անմիջապէս վերջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES