Հայրենի Կեանք
«Արի Տուն» Ծրագիրի Առաջին
Երկու Հանգրուանները
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 11 յունիսին տեղի ունեցած է «Արի տուն»-ի 2012 թուականի առաջին հանգրուանի բացումը: Ողջունելով ներկաները եւ յայտարարելով «Արի տուն»-2012-ի մեկնարկը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագիրին մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն` հայրենիք գալու եւ հայրենիքը ճանչնալու անոնց մեծ փափաքին համար:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան ներկայացուցած է ծրագիրի առաջին հանգրուանի յայտագիրը, որուն համաձայն, «Արի տուն»-ի մասնակիցները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր եւ ուսումնական հաստատութիւններ, պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասեր, այնուհետեւ 4 օր պիտի անցընեն Աղաւնաձորի ճամբարին մէջ:
«Արի տուն» ծրագիրի առաջին հանգրուանին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն 25 երիտասարդներ:
18 յունիսին սկսաւ սփիւռքի երիտասարդները Հայաստանին ծանօթացնելու նպատակով ձեռնարկուած «Արի տուն» ծրագիրի այս տարուան երկրորդ հանգրուանը: Այս ծրագիրին մասնակցելու համար Հայաստան ուղղուած էին աւելի քան 100 պատանիներ` Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Այս տարի «Արի տուն» ծրագիրը պիտի կայանայ 10 յունիսէն 1 սեպտեմբեր` 8 հանգրուանով, իւրաքանչիւրը երկու շաբաթ տեւողութեամբ:
Ծրագիրի երկրորդ հանգրուանի մասնակիցները ողջունած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Դիմելով երիտասարդներուն` ան յոյս յայտնած է, որ «Արի տուն» ծրագիրը մեծ դերակատարութիւն ունենայ սերունդներու հայապահպանութեան աշխատանքներուն:
«Արի տուն» ծրագիրը յաջողութեամբ կը գործադրուի 2009 թուականէն: Նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին այս ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստան այցելած են 13-20 տարեկան շուրջ 1800 սփիւռքահայեր: Կ՛ակնկալուի, որ այս տարուան ծրագիրին մասնակցին շուրջ հազար պատանիներ ու երիտասարդներ:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ջանքերով
Ստեփանակերտի Դարմանատունը Համալրուած Է
Նոր Սարքերով
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ջանքերով Ստեփանակերտի դարմանատունը համալրուած է նոր սարքաւորումներով:
Աւելի քան 710 հազար տոլար արժողութեամբ սարքաւորումը գնելու գումարը տրամադրած է բարերար Բարսեղ Բեկլարեան:
Ըստ դարմանատան պատասխանատուներուն, լուծուած է նաեւ մասնագէտներու պատրաստութեան հարցը. արդարեւ, տեղւոյն մասնագէտներուն հետ պարբերաբար պիտի աշխատին Հայաստանէն եւ արտերկրէն հրաւիրուած մասնագէտներ: Դարմանատունը նաեւ օժտուած է նոր թուային կարճալիք շողարձակման սարքով մը, որ տրամադրուած է պետական պիւտճէով:
15 Յունիսին Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Պետական
Խորհրդանշաններուն Նուիրուած Տօնական Երթ
15 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական խորհրդանշաններուն նուիրուած տօնական քայլերթ` «Պետական խորհրդանշաններու հանրահռչակման եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան ազգային ծրագիրի» ծիրին մէջ:
Տօնական քայլերթին մասնակցեցան ուսանողական 38 միութիւններու եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ` Հայաստանի մարզերէն եւ Արցախէն 4500 պատանիներ:
Երթին ուղեկցեցան զինուած ուժերու, ոստիկանութեան զօրքերու, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փողային նուագախումբերը: Ելոյթներ ունեցան` «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական հիմնարկին սաները, «Վահագն» տհոլահարներու համոյթը, Վանուշ Խանամիրեանի անուան Հայաստանի պարարուեստի գործիչներու միաւորման պարախումբերը, «Վաղորդեան կաթիլներ» երգչախումբը, «Երեւանեան թմբուկներ» թմբկահարներու խումբը, Հայաստանի զինուած ուժերու պատուոյ պահակային վաշտը, ՀԲԸՄ Երեւանի սկաուտական խումբը, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան ճանապարհային ոստիկանութեան ուղեկցող սպայական վաշտի մոթորսիքլիսթները: Նախաձեռնութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու օդային ուղղաթիռներու ցուցադրական թռիչքով:
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ը
Սիւնիքի Մարզին Մէջ Գործող Պետական
Միակ Համալսարանը Համալրած Է
Ժամանակակից Սարքաւորումներով
Միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մէջ Տաթեւի համալսարանով յայտնի Սիւնիքը կրթութեան ապահովման առաքելութեան մէջ իր ներդրումը ունի մինչեւ այսօր: 45 տարի առաջ Գորիսի մէջ հիմնադրուած համալսարանը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի` Հայաստանի հարաւային տարածաշրջանին մէջ պետական միակ համալսարանը ըլլալու առումով: Հոն բարձրագոյն կրթութեամբ անձնակազմեր կը պատրաստուին ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլեւ Արցախին համար:
Գիտական կեդրոններէն եւ մայրաքաղաքէն մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուելու փաստը առաւել մեծ ջանքեր կ՛ենթադրէ ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեան շնորհիւ` այս համալսարանին ուսանողները եւ դասախօսական կազմը կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի արագ քայլ պահել տեղեկատուական դարու պահանջներուն հետ եւ ապահովել կրթական յաւելեալ արդիւնաւէտ գործընթաց:
Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը Գորիսի պետական համալսարանին տրամադրած է դասախօսի աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնող` ուսանողներու հետ հաղորդակցութիւն ապահովող 2 գրատախտակ` լուսարձակներով, լազերային 2 տպիչ «Հոմ զոն թուրպօ» փաթեթի շրջանակին մէջ գործող 3 Ճի. երթուղիչներ եւ համացանցի հասանելիութեամբ 10 համակարգիչով ապահովուած լսարան: Ընկերութեան տրամադրած անթել համացանցի կապէն անվճար օգտուելու կարելիութիւն պիտի ընձեռուի համալսարանի գրեթէ ամբողջ տարածքին:
«Մեզի համար կարեւոր է երիտասարդներուն ներուժը բացայայտելու եւ կրթուելու անոնց իրաւունքը խրախուսելու արդար մօտեցումը: Մայրաքաղաքէն շատ հեռու գտնուիլը պէտք չէ խոչընդոտէ ժամանակակից արհեստագիտութենէն օգտուելու հարցը: Գիտելիքներու զինանոցէն արդիւնաւէտութեամբ օգտուելու համար շատ կարեւոր են արհեստագիտական միջոցները: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-էն այստեղ գտնուիլը կ՛ապացուցէ այդ կարեւոր նպատակներուն հասնելու մեր վճռակամութիւնը», շեշտած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Գորիսի պետական համալսարանին հետ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի համագործակցութիւնը դրսեւորուած է նաեւ ուսանողներուն համար կազմակերպուած մասնագիտական հանդիպում` տեսական գիտելիքները գործնականի հետ համադրելու փորձի փոխանակման տեսքով: Իրականացուած է նաեւ կրթական հիմնադրամի միջոցով տնտեսապէս անապահով 18 ուսանողներու համար կրթաթոշակի փոխանցման ծրագիր:
Պարարուեստի Օրեր Հայաստանի Մէջ
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի շրջագիծին մէջ 25 յունիսէն 15 յուլիս Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան պարարուեստի օրեր, որոնց պիտի մասնակցին պարախումբեր` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Արին»` Լիբանանէն, Հալէպի Թէքէեան մշակութային միութեան «Միրաք», «Ունօ» պատանեկան պարախումբերը, «Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեաններ»` Միացեալ Նահանգներէն, «Էրեբունի»` Քանատայէն, «Վաչեան» եւ «Ջաւախք» պարախումբերը` Վրաստանէն, «Հայասա» եւ «Արմաւիր» խումբերը` Ռուսիայէն եւ այլ երգչախումբեր:
Յունիսէն հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ելոյթներով հանդէս պիտի գան տարբեր ոճերու անհատ կատարողներ` Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլն: Անհատ կատարողներու ընտրութիւնը կատարուած է փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդին կողմէ:
Սեպտեմբեր 6-ին պիտի սկսի Տուտուկի համահայկական փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին տուտուկահարներ` Արժանթինէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ: Փառատօնը պիտի տեւէ երկու օր:
Հաղորդենք, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը ընթացք առաւ ապրիլին` Հայ գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովով:
Փառատօնին մասնակցելու 89 դիմում ներկայացուած է` 19 երկիրներէ: Դիմած են` 27 պարախումբ, 8 երգչախումբ: Սփիւռքի հայ տուտուկահարները ներկայացուցած են` 5, անհատ կատարողները` 46 դիմում:
Սեպտեմբերին Շուշիի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ
«Շուշին Հայ Մշակոյթի Օճախ» Նիւթով Խորհրդաժողովը
Սեպտեմբեր 17-18 Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Շուշիի «Կաչար» գիտական կեդրոնի եւ Արցախի պետական համալսարանի հետ միասնաբար, Շուշիի մէջ պիտի կազմակերպէ «Շուշին հայ մշակոյթի օճախ» նիւթով խորհրդաժողով` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին:
Այս խորհրդաժողովը կը նպատակադրէ նշուած յոբելեանի ծիրին մէջ վերաիմաստաւորել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակոյթի պատմական հանգրուաններու եւ օրինաչափութիւններու զարգացումը, Շուշին իբրեւ հայկական մշակոյթի օճախի եւ հայ ժողովուրդի եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքին մէջ արուեստի տարբեր ուղղութիւններու իւրացման կեդրոնի, զարգացման առանձնայատկութիւններու ներկայացումը:
Կը նախատեսուի, որ միջազգային խորհրդաժողովի աշխատանքը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը. «Հայկական պարբերականներու տպագրութիւնը Շուշիի մէջ», «Շուշիի հայերէն գրատպութիւնը», «Շուշիի հնագիտական մշակոյթը», «Շուշիի հոգեւոր եւ եկեղեցական կեանքը», եւ ի վերջոյ` «Շուշիի արուեստի զարգացումը»:
Կը Նախատեսուի, Որ Երեւանի Մէջ Կայանայ
Կրկէսի Միջազգային Փառատօն
Երեւանի պետական կրկէսը ներկայիս վերանորոգութեան մէջ է, սակայն կրկէսին կից գործող Լէոնիդ Ենգիպարեանի անունը կրող դպրոց-արուեստանոցին սաները կը շարունակեն ամէնօրեայ աշխատանքները:
Երեւանի պետական կրկէսի գեղարուեստական ղեկավար Սօս Պետրոսեան յայտնած է, որ դպրոց-արուեստանոցը կը շարունակէ շրջուն ներկայացումներով ուրախացնել կրկէսասէր հանդիսատեսը:
«Մենք վարձակալական հիմունքներով տարածութիւն մը ձեռք ձգած ենք, ուր մասնագէտներ կ՛ուսուցանեն կրկէսի սաներուն», յայտնած է Ս. Պետրոսեան:
Ըստ կրկէսի գեղարուեստական ղեկավարին, արդէն իսկ կը բեմադրուի ու կը պատրաստուի այն ներկայացումը, որով բացումը պիտի կատարուի վերանորոգուած կրկէսին: «Մէկ բան միայն կրնամ յայտնել անոր մասին, որ անիկա պիտի ըլլայ ժամանակակից եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կրկէս: Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, մենք կը ծրագրենք Հայաստանի մէջ 2014 թուականին կրկէսային արուեստի միջազգային փառատօն կազմակերպել, որուն ուղղութեամբ բանակցութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են», տեղեկացուցած է Ս. Պետրոսեան:
Կրկէսի վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած են նախորդ տարուան 1 օգոստոսին, եւ կը նախատեսուի, որ անոնք իրենց աւարտին հասնին հոկտեմբեր 2013-ին: Գլխաւոր ճարտարապետներն են մոսկուայաբնակ Վահագն Վերմիշեան եւ Աշոտ Աւետիսեան: Նախատեսուած ծրագիրով կրկէսի ներկայի շէնքը պիտի ամրացուի, ճակատը նոյնը պիտի մնայ, պիտի աւելնայ մէկ յարկ` 5-րդ մը, որ պիտի ըլլայ դերասաններուն համար նախատեսուած պանդոկ: Բացի վերակառուցումէն, հիմնովին պիտի փոխուին` կրկէսին կահոյքը, սարքաւորումները, արհեստագիտական սարքաւորումները: Իսկ կրկէսին անասունները պիտի չապրին կրկէսի շէնքին մէջ, այլ անոր կից` իրենց համար կառուցուող վայրին մէջ:
Խօսելով կրկէսի հայկական առասպել Լէոնիդ Ենգիբարեանին մասին` Սօս Պետրոսեան յայտնած է, որ ինք Ենգիբարեանին միակ աշակերտն է:
«Հու Քերզ» Խումբը Ձայնապնակ Մը Պիտի Հրապարակէ
Ի Նպաստ Գիւմրիի Երաժշտական Դպրոցին
22 յունիսին աշխարհահռչակ «Տիփ փըրփըլ» ռոք խումբի երգիչ Եան Կիլանի եւ «Պլեք սապաթ»-ի երգիչ Թոնի Այոմի միասնաբար ստեղծած «Հու քերզ» խումբը ձայնապնակ մը պիտի հրապարակեն ի նպաստ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցին: Ձայնապնակին մէջ ներառուած պիտի ըլլայ «Հու քերզ»-ի երկու երգերը` «Աութ օֆ հայ մայնտ»-ը եւ «Հոլի վոթըր»-ը, «Տիփ փըրփըլ»-ի «Տիք փիմփըլ», «Ռեփօ տեփօ» երգերը եւ Թոնի Այումիի քանի մը ձայնագրութիւնները: Այս մասին յայտնած է «Իր միւզիք»-ը:
Նշենք, որ մայիսին Երեւանի մէջ կայացաւ «Աութ օֆ մայ մայնտ» երգին տեսահոլովակին շնորհահանդէսը:
«Հու քերզ» հարտ ռոք խումբը ձեւաւորուած է 2011-ին «Տիփ փըրփըլ» խումբի երգիչ Եան Կիլանի եւ «Պլեք սապաթ» խումբի կիթառահար Թոնի Այոմիի նախաձեռնութեամբ, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին պաս կիթառ նուագող Ճէյսըն Նիքուսթիտին, ստեղնահար Ճոն Լորտին, «Այրըն Մէյտըն» խումբի հարուածահար Նիքօ Մաք Պրայընին. «Էյճ եւ Այ. Էմ.» խումբի անդամ Լինտէ Լինտստրեոմին: «Հու քերզ» խումբը ստեղծուեցաւ Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցին վերականգնման աշխատանքներուն համար դրամական միջոցներ հանգանակելու նպատակով: Դպրոցը փլած է 7 դեկտեմբեր 1988-ին տեղի ունեցած Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին ժամանակ, իսկ խումբին ստեղծման մտայղացումը յառաջացած է այն ժամանակ, երբ Եան Կիլան եւ Թոնի Այոմի 2010-ին այցելած են Հայաստան:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

