Սարսռագին Խաղաղութիւն. Ռուս-Գերմանական Յարաբերութիւնները Նոր Սառէ Դարաշրջան Կը Մտնեն
ՌԱԼՖ ՆԷՕՔՐԻՇ ԵՒ ՄԱԹԻԱ ՇԵՓ
«Տեր Շփիկըլ»
Կը թուի, թէ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նոր սառէ դարաշրջան կը մտնեն: Պերլին Մոսկուայէն կախեալ է շատ աւելի քան երբեւէ, բայց Մերքել քիչ վստահութիւն ունի նոր վերընտրուած նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդէպ: Տիկինը կ՛ուզէ ուժեղացնել ընդդիմութիւնը:
Կ՛ենթադրուէր, որ Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ, Քրեմլինի դարպասներուն առջեւ, Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ նախագահներ Վ. Փութինի եւ Ճոաքիմ Կոքի մասնակցութեամբ փազըլի մը կազմութիւնը համերաշխութեան շարժում մը, արարք մը պիտի ըլլար: Բծախնդրութեամբ ընտրուած հիւրերու հետ երկու նախագահները փազըլի 1023 կտորները պիտի միացնէին` կազմելու համար մեծցուած օրինակը գերմանացի նկարիչ Ալպրեխտ Տիւրերի Ինքնադիմանկարը` եւրոպական արուեստի մէջ սրբանկար մը:
Բայց Փութին փազըլի կտորները հաւաքելու հանդէպ հետաքրքրութիւնը կորսնցուց: Քրեմլին նախ չեղեալ յայտարարեց հանդիպում մը, որ ծրագրուած էր մայիսին, եւ որ նախատեսուած էր մեկնարկը ըլլալու «Ռուսական-գերմանական տարուան»: Ապա Փութինի գրասենեակը տեղեկացուց Կոքը, որ Ռուսիոյ նախագահը յունիսին եւս ժամանակ չունի անոր հետ տեսակցելու: Փութին` ՔԱ. ԿԷ. Պէ.-ի (խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւն, Ա.) նախկին գործակալ, չ՛ուզեր Կոքին (համայնավար Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ ազատութեան նախկին ախոյեան) լուսարձակներ շնորհել:
Փազըլի հանդիսութեան ջնջումը կ՛արտացոլացնէ ռուս-գերմանական յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը: Յունիսի սկիզբը Փութին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պերլին: Նախագահի պաշտօնը 7 մայիսին վերստանձնելէն ի վեր առաջին այցելութիւնն էր ասիկա արեւմտեան երկիր մը: Պատգամը, արդարեւ, դրական էր: Բայց փաստօրէն Պերլինի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին տարիներէ ի վեր վատագոյն վիճակի մէջ:
Գերմանիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները աւանդաբար յատուկ կարգավիճակ կը վայելէին: Նկատի առնելով տառապանքի պատմութիւնը` Գերմանիոյ իրարայաջորդ կառավարութիւնները ինքզինքնին կարեւոր միջնորդ նկատեցին Ռուսիոյ եւ իր արեւմտեան գործընկերներուն միջեւ: Մոսկուա, իր կարգին, Պերլինի միջոցով կրնայ իր ազդեցութիւնը Եւրոպայի մէջ տարածել:
Սակայն, աւելի քան երբեւէ իրարմէ առաւել կախեալ ըլլալով, Գերմանիա եւ Ռուսիա կը ծաւալին դէպի նոր սառէ դարաշրջան: Հարաւային Եւրոպայի մէջ Նապուքօ խողովակաշարի ծրագիրի տապալումի շեմին, Գերմանիա կը շարունակէ կախեալ մնալ ռուսական բնական կազէն: Փութին, իր կարգին, գերմանական ներդրումներու կարիքը ունի, եթէ իր երկիրի տնտեսութիւնը արդիականացնել կ՛ուզէ:
Աւելի Հզօր, Քան Երբեւէ
Այս պահուն միակ լաւ գործողը առեւտրային յարաբերութիւններն են: 2011 թուականին դէպի Ռուսիա գերմանական արտածումները 34 առ հարիւր աճ արձանագրեցին` հասնելով 27 միլիառ եւրոյի (34 միլիառ տոլար), մինչ ներածումները մագլցեցան 27 առ հարիւրով` հասնելով 25 միլիառ եւրոյի: Չինաստանէն ետք Գերմանիա Ռուսիոյ երկրորդ ամէնէն կարեւոր գործընկերն է:

Մերքել Փութինէն պահանջեց ազատ արձակել ընդդիմադիր ցուցարարները եւ դատապարտեց անոնց դէմ միջոցառումները
Բայց քաղաքական կացութիւնը տարբեր կը թուի, եւ Մերքել ու Փութին լարուած յարաբերութիւններ ունին: Գերմանիոյ վարչապետը յունիսի սկիզբը ողջունեց հիւր մը, որուն քաղաքական ասպարէզը տիկին Մերքել պիտի ուզեր աւարտած տեսնել տարիներ առաջ: Բայց այժմ Փութին աւելի քան երբեք հզօր է: Մերքել իր գրաւները Տմիթրի Մետվետեւի վրայ դրած էր, մինչ Փութին իբրեւ նախագահ` զայն փոխարինեց: Տիկինը կը կարծէր, թէ Մետվետեւ ատակ է Ռուսիան արդիականացնելու, եւ թէ` ան վերընտրուելու համար պիտի առաջադրուի, նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ մասնագէտներ կը կարծէին, որ ատիկա անկարելի է: Անցեալ սեպտեմբերին, երբ Մետվետեւ եւ Փութին, որ այն ատեն վարչապետ էր, յայտարարեցին, որ շատ առաջ համաձայնած են իրենց պաշտօնները փոխանակել, Մերքել խաբուած զգաց: Ան պարտադրուեցաւ հասկնալու, թէ այն մարդուն վրայ, որ այնքան մեծ յոյս դրած էր, իրականութեան մէջ Փութինին խամաճիկն էր միայն: Մերքել խորապէս յուսախաբ էր եւ լռութեան նախնական պահ մը կար վարչապետութեան եւ Քրեմլինի միջեւ: Տիկնոջ ցած կարծիքը Փութինի հանդէպ հաստատուեցաւ ընտրական խախտումներու եւ ընդդիմադիրներու հանդէպ արատաւոր արշաւներու մեղադրանքներով, դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան ատեն:
Մայիսին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան նախօրեակին, Մերքել պատգամ մը յղեց Փութինին: Տիկինը անոր ըսաւ, որ իբրեւ Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարը` ան պէտք է մտածէ նախաձեռնելու այնպիսի արարքի մը, որ Արեւմուտքին ազդանշանը տայ, թէ նոր մեկնարկ մը կ՛ընէ, օրինակ` ազատ արձակելով արգելափակուած նախկին դրամատէր-սակաւապետ Միքայէլ Խոտորովսքին: Բայց Փութին անտեսեց դիմումը:
Ամերիկայի «Ճորտերը»
Թէեւ Փութին Մերքելը կը յարգէ, ան` տիկինը կը նկատէ իբրեւ չափազանց ամերիկամէտ: Ասոր փաստը հաստատած է, երեք տարի առաջ ձախողած գործարք մը, ըստ որուն, Ռուսիոյ գլխաւորած առեւտրական ընկերակցութիւն մը պիտի գնէր Ճենըրըլ Մոթորզի սեփականութիւնը եղող գերմանական Օփել ինքնաշարժներ արտադրող ընկերութեան շահաբաժիններու մեծամասնութիւնը: Փութին կը հաւատայ, որ վաճառքի ձախողութեան համար պէտք է Ուաշինկթընի ընդդիմութիւնը մեղադրել: Արդարեւ, ռուս քաղաքացիներու հետ հարցում-պատասխանի ազգային սփռումի մը պահուն, Փութին վերջերս եւրոպացիները մեղադրեց Ամերիկայի «ճորտեր»-էն քիչ մը աւելին ըլլալու համար:
Վերջին շաբաթներուն Փութին կրկին յստակացուցած է, թէ ինք ի՛նչ կը մտածէ Արեւմուտքի մասին, նախ` ան մայիսի կիսուն Քեմփ Տէյվիտ չճամբորդեց Ութերու գերաստիճանին մասնակցելու համար, եւ ապա բացայայտօրէն բացակայ էր քանի մը օր ետք Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի գերաստիճանէն: Նոր Պաղ պատերազմ մը չէ, բայց` սարսռագին խաղաղութիւն մը:
Պերլինի մէջ հանդիպումը չի կրնար փոխել կացութիւնը: Ոչ մէկ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ, ինչպէս որ սովորական է այսպիսի հանդիպումներու ընթացքին: Յառաջխաղացք չարձանագրուեցաւ հրատապ հարցերու մէջ, որովհետեւ ե՛ւ Պերլին, ե՛ւ Մոսկուա ներկայացնելիք նոր բան չունէին:
Անշուշտ Գերմանիոյ վարչապետը կը գիտակցի, որ իր պետութիւնը կախեալ է Ռուսիայէն` կարեւոր քանի մը հարցերով, որոնցմէ առաջինը ուժանիւթի մատակարարումն է: Մոսկուայի զօրակցութեան, աջակցութեան կարիքը կայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջը բանակցութիւններուն մէջ, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ վեթոն կրնայ օգտագործուիլ` արգելք հանդիսանալու համար Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով Արեւմուտքի առաջարկներուն:
Բայց Մերքել վստահ չէ, որ իր փաստարկներուն դիմաց Փութին բաց է: Ամիս մը առաջ տիկինը հեռաձայնեց Փութինին` վստահեցնելու համար, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ Ռուսիոյ վերաբերումը կը վնասէ այդ երկրի սեփական շահերուն: Տիկինը Փութինէն խնդրեց, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր կեցուածքը, դիրքորոշումը: Բայց ոչինչ փոխուեցաւ:
Ծիսականացած Խորհրդաժողով
Մերքել այժմ որոշած է այլ միջոցով ճնշում բանեցնել Փութինին վրայ: Տիկինը կազմակերպած է այսպէս կոչուած Փեթերսպուրկի երկխօսութեան ղեկավարութեան մէջ փոփոխութիւն մը: Տարեկան այս հաւաքին նախաձեռնուած է 11 տարի առաջ, Փութինին եւ այդ օրերու Գերմանիոյ վարչապետ Կերհարտ Շրէօտըրին կողմէ, որպէսզի երկու երկիրները ընկերային հարցեր քննարկելու համաժողով մը ունենան: Սակայն քննադատներ կը հաւատան, որ երկխօսութիւնը ծաւալած, վերածուած է ծիսական համաժողովի, ուր կը գերակշռեն նախկին քաղաքական գործիչներ եւ Քրեմլինի պաշտօնատարներ:
Ապրիլին Մերքել Փեթերսպուրկի երկխօսութեան մէջ հաստատեց վստահելի երկու դաշնակիցներ, որոնք ճնշում պիտի բանեցնեն, որպէսզի Ռուսիոյ մէջ փոփոխութիւններ իրականանան: Անտրէա-Շոքընհոֆ Մերքելի հաւատարիմ մը, եւ Մերքելի պահպանողականներու խորհրդարանական համախմբումին փոխնախագահը, պիտի ղեկավարեն քաղաքացիական հասարակութեան աշխատանքի կարեւոր խումբը: Ուլրիչ Վիլհելմ` Մերքելի կառավարութեան նախկին բանբերը, պիտի վարէ լրատու միջոցներու հետ համագործակցութեան հարցերը:
«Մենք պէտք է յստակացնենք, որ արդիականացման համար գործընկերութիւնը մենք կ՛ընկալենք իբրեւ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան ներգրաւումէն աւելին: Գերմանիա պէտք է աջակցի ռուսական միջին դասակարգին բարգաւաճման: Այդ խաւը Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութենէն ետք կայացուցած իր ցոյցերով դրսեւորեց, որ արդիականացման համար իսկական ուժ մըն է», ըսաւ Շոքընհոֆ:
Կառավարութիւնը տեղեակ է, որ հոլովոյթը շատ հաւանաբար լարուած պիտի ըլլայ, եւ ոչ ոք յանկարծական, անմիջական յաջողութիւն կ՛ակնկալէ: Փութինին խմբակը շատ հաւանաբար պիտի փորձէ սատանայացնել ընդդիմադիր գործիչներ` իբրեւ Արեւմուտքի գործակալներու:
Պերլին վստահ է, որ Ռուսիոյ նոր հաստատուած կառավարութիւնը քիչ փոփոխութիւն պիտի բերէ: Մերքելի վարչակազմի անդամներ կը նշեն, որ Փութին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերահաստատած է պահպանողական Սերկէյ Լաւրովը, եւ կարծրատիպ ներքին գործոց նախարար Ռաշիտ Նուրկալիեւ փոխարինուած է Վլատիմիր Քոլոքոլցեւով (Մոսկուայի նախկին ոստիկանապետը, որուն սպաները վայրագօրէն ճնշեցին բողոքի ցոյցերը):
Ձեւացնել, Թէ Հզօր Է
Գերմանական դիտանկիւնէն, Մոսկուայի մէջ ղեկավարները տակաւին չեն հասկնար, որ Ռուսիա այլեւս համաշխարհային ուժ մը չէ, եւ թէ կարիքը ունի Եւրոպայի` իբրեւ վստահելի, յուսալի գործընկերոջ մը: Պերլինի վարչակազմը Եւրոպայի մէջ ծրագրուած ՕԹԱՆ-ի հրթիռային պաշտպանական համակարգին դէմ ռուսական խաչակրութիւնը կը նկատէ իբրեւ վերջին` յուսահատ ջանքեր ուժի ցուցադրութեան (Ռուսիա կը ձեւացնէ, թէ ուժեղ է, որովհետեւ իրականութեան մէջ տկար է):
Քրեմլին կացութիւնը տարբեր կը տեսնէ:
Փութին եւ իր խորհրդականները համաշխարհային քաղաքականութեան վրայ Արեւմուտքին ազդեցութիւնը մթագնող կը տեսնեն: Անոնք կը նշեն, որ վերջին 30 տարիներուն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն համաշխարհային տնտեսութեան շահաբաժինը կայուն կերպով կ՛ընկղմի:
«Փութին համոզուած է, որ արեւմտեան նախատիպարը իր հրապոյրին գագաթնակէտը արդէն իսկ իր ետին ձգած է», կ՛ըսէ քաղաքական մեկնաբան Նիքոլայ Սլոպին:
Այդուհանդերձ, Փութին կը շարունակէ հաւատալ, որ Գերմանիա կարեւոր դերակատարութիւն ունի խաղալու: Աւանդաբար ան Գերմանիոյ մէջ ներկայացուցած է արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններ: 2011-ին, երբ կը խօսէր Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ, ան նկարագրեց նպատակը «միացեալ եւ անվտանգ Եւրոպայի մը», որուն մէջ Ռուսիա եւ եւրոպական երկիրներ պիտի համախմբեն իրենց հարստութեանց աղբիւրները: 2010 թուականի նոյեմբերին Պերլին այցելութեան նախօրեակին գերմանական «Սուտիոչէ Ցայթունկ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայուած յօդուածով մը Փութին անդրադարձաւ իր արտաքին քաղաքականութեան, որով Ռուսիոյ նախագահը նախաձեռնած էր քարոզարշաւի մը` «Լիզպոնէն Վլատիվոստոք երկարող ներդաշնակ տնտեսական հասարակութեան մը» համար:
«Փութին, սակայն, նշած է, որ իր առաջարկները անպատասխան մնացած են: Արեւմուտքը այսօր իրեն համար այլեւս առաջնահերթութիւն մը չէ», կ՛ըսէ Քրեմլինի խորհրդատու Վլատիսլաւ Պելով:
Փութին իր նախորդէն` Մետվետեւէն աւելի իր ակնարկը ուղղած է Ռուսիոյ սահմաններուն վրայ գտնուող նախկին խորհրդային երկիրներուն: Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի հետ մաքսային միութիւնը Փութին դրուատեց այսպէս` «165 միլիոն ժողովուրդի հսկայական միացեալ շուկայ մը` դրամագլուխի եւ աշխատաւորներու ազատ շրջանառութեամբ»: Փութինին ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ արեւելեան տնտեսական ակումբին` կորիզը դառնալու «Եւրասիական Միութեան», ի վերջոյ ամբողջանալով նախկին խորհրդային երկիրներով:
Եւրոպական Միութիւնը` Արգելք
Մերքելի եւ Փութինի մերձեցման ճամբուն վրայ ցցուած արգելք մըն է նաեւ Եւրոպական Միութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը տկար կառոյց մը կը նկատէ այդ քաղաքական համայնքը, որ ինքզինք բարդ որոշումներ տալու հոլովոյթով կ՛անդամալուծէ:
Միւս կողմէ, Մերքել կ՛անդրադառնայ, որ Գերմանիա, իբրեւ Եւրոպայի մէջ առաջնորդող ուժ, նոյնպէս պէտք է ուշադրութեան առարկայ դարձնէ, նկատի առնէ Եւրոպական Միութեան աւելի փոքր անդամները: Պատմական պատճառներով Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներու մէջ Մոսկուայի հանդէպ կայ խոր անվստահութիւն մը, որ Մերքել չի կրնար անտեսել:
Բայց միայն առարկայական գործօնները չեն, որոնք պատասխանատու են ռուս-գերմանական յարաբերութիւններու ցրտութեան: Անհատական կապերը նաեւ միշտ հիմնական դեր խաղցած են Մոսկուայի եւ Պերլինի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:
1971-ին Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլի Պրանտի լողալը Խորհրդային Միութեան ղեկավար Լէոնիտ Պրեժնեւի հետ, Եալթայի մօտ, ճամբան հարթեց Գերմանիոյ օսթփոլիթիք քաղաքականութիւններուն, որոնց նպատակն էր համայնավար Արեւելեան Եւրոպայի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ մեղմացնել Պաղ պատերազմի լարուածութիւնները:
1990 թուականի յուլիսին Հելմութ Քոհլ Միխայիլ Կորպաչեւի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ տաք թիկնոցով մը: Հագուստի այս ընտրութիւնը կը նպատակադրէր խորհրդանշել անոնց մտերիմ եւ վստահելի յարաբերութիւնները: 2001-ին Փութին եւ Կերհարտ Շրէօտըր, որոնք առաջին անուններով կը խօսէին իրարու հետ, ձեռնածածկ Մոսկուայի մէջ շրջագայեցան սահնակակառքով, զոր ձիեր կը քաշէին:
Միւս կողմէ, Մերքելի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումները ցուրտ են եւ գործնական: Մերքել չէ մոռցած, որ Փութին` իբրեւ ՔԱ. ԿԷ. ՊԷ.-ի գործակալ, տեղակայուած էր համայնավար Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, ուր իր հայրը ընտանիքը Համպուրկէն տարած էր Անժելան ծնելէ անմիջապէս ետք (1954): Մերքել Խորհրդային Միութեան աւարտը տեսաւ իբրեւ արեւելեան պլոքի մէջ նախերգանք ազատութեան, մինչ Փութին ատիկա ամօթալի նկատեց:
«Տիկինը Զիս Յանդիմանեց»
Մերքել քաշքշուած է, անարգուած է առնականութեան Փութինի ցուցադրութիւններէն` վագր որսալու ատեն, կամ շապիկը հանած` ձկնորսութեան ընթացքին: 2007 թուականին Փութինի սեւծովեան հովոցին մէջ, Սոչի, հանդիպումի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը արտօնեց, որ իր սեւ շունը հոտոտայ իր հիւրին տաբատը: Մերքել շուներէ կը վախնայ, փոքր տարիքին շուն մը խածած է զայն: Փութին միայն ժպտեցաւ:
Այդուհանդերձ, Փութին տպաւորուած է տիկին Մերքելի պողպատեայ ընդդիմութենէն:
«Փութին Մերքելը կը գնահատէ` իբրեւ բարձր մակարդակի արհեստավարժ քաղաքական գործիչի: Ան յստակօրէն տիկինը կը նկատէ ծանրակշիռ գործիչ մը», կ՛ըսէ Քրեմլինի խորհրդատու Պելով:
2007 թուականին Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա գերաստիճանին ընթացքին Մերքել եւ Փութին քամերաներուն առջեւ բուռն բանավէճ մը ունեցան մարդկային իրաւանց հարցին շուրջ: Երբ Փութին 2009-ին Պերլին այցելեց, բնական կազի պաշարներու խնդիրին գծով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ վէճի բարձրակէտի ատեն, Մերքել դպրոցական ուսուցչուհիի մը նման դաս տուաւ Փութինին:
«Ան զիս յանդիմանեց», աւելի ուշ ըսաւ Փութին` կէս հեգնանքով, կէս գնահատանքով:





