Օրինակելի Ձեռնարկ Մը
ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէր համախումբ, հայկական եկեղեցիներու եւ անոնց կից գտնուող դպրոցներու շուրջ: Հայ մարդը իր հոգեւոր պէտքերը գոհացնելու համար կարիքը չունէր երկար ճամբորդութիւն կատարելու, եկեղեցին իր փողոցին մէջ էր, նոյնպէս` դպրոցը, ուր կը կրթուէին ու հայօրէն կ՛աճէին իր զաւակները:
Ժամանակի ընթացքին փոխուեցաւ հայկական շրջաններու ժողովրդագրական պատկերը: Հայութիւնը ցրուեցաւ Պէյրութի մերձակայ արուարձաններուն մէջ, կամ` աւելի անդին, բարձունքներու վրայ, ու բնականաբար հեռու մնաց իրեն հոգեւոր ու հայեցի սնունդ տուող եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն:
Այս փոփոխութիւնը ստեղծեց բաց մը` եկեղեցիին ու իր հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ: Այս բացը լրացնելու եւ եկեղեցին իր զաւակներուն մօտեցնելու նախանձախնդրութենէն մղուած, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայից դասու նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցան արեւագալի ու մայիսեան առաւօտեան արարողութիւններ` Քոռնեթ Շահուանի «Սայիտաթ Նաժաթ» մատուռին մէջ:
Մեծ պահոց ամբողջ եօթը շաբաթներուն, ամէն երկուշաբթի, արեւագալի ժամերգութիւնը իր շուրջ հաւաքեց Ռապիէի, Քոռնեթ Շահուանի, Պէյթ Քիքքոյի, Մազրաաթ Եաշուհի եւ շրջակայքի այլ շրջաններու հայութիւնը: Սովորաբար այս արարողութիւնները կը կատարուին եկեղեցիներուն խորանին վրայ ու դասին մէջ, մինչդեռ այս փոքր մատուռին մէջ կը կատարուէին բոլոր հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ, ինչ որ աւելի խորհրդաւոր կը դարձնէր պահը: Մեր եկեղեցւոյ հայրերուն շարականները, Շնորհալիի լուսերգութիւնը եւ «Հաւատով խոստովանիմ»-ը հնչեցին հաւատացեալներուն շուրթերէն` բոլորին մօտ ստեղծելով ջերմ ապրումներու եւ խորհրդածութեան անկրկնելի պահեր: Ամէն շաբաթ քահանաներէն մէկը տուաւ իր պատգամը ժողովուրդին: Օրուան խորհուրդին մասին մեր քահանաներուն բացատրութիւնները լուսաբանեցին ներկաներու հոգեւոր հետաքրքրութիւնները:
Աւագ շաբաթին հետ վերջ գտան արեւագալի արարողութիւնները, բայց տրուեցաւ խոստումը` դարձեալ հաւաքուելու մայիս ամսուան մէջ: Արդարեւ, մայիսը համայն քրիստոնեաներու համար Աստուածածնի փառաբանութեան ամիս նկատուած է: Մեր եկեղեցին եւս անմասն չմնաց Քրիստոսամօր ընծայուած մեծարանքի արտայայտութիւններուն իր բաժինը բերելու մէջ: Մայիս ամսուան ընթացքին եւս, ամէն երկուշաբթի տեղի ունեցան առաւօտեան արարողութիւններ` հայկական աղօթքներու եւ շարականներու հոգեպարար կատարումներով:
Նիւթի ու նիւթականի պաշտամունքի այս օրերուն, երբ մարդիկ խելակորոյս վազքով կը հետապնդեն նիւթեղէնն ու շօշափելին, յաճախ դժուար կ՛ըլլայ ստեղծել պահը հոգեւոր փնտռտուքի, ներանձնական ապրումներու, ինքնասուզումի, խոկումի ու աղօթքի: Եկեղեցին յարմարագոյն վայրն է այդ ապրումներուն համար: Ի՜նչ գեղեցիկ կը հնչէ մեր աղօթքը, երբ բոլորին սրտերը ներդաշնակօրէն կը տրոփեն` աղերսելով,
«Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա
Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն,
Ազգիս հայոց սէր միութիւն»:
Հայերէն հնչող այդ աղօթքները քիչ մը աւելի կը հայացնեն հոգիները, քիչ մը աւելի կը փառաւորեն հայ եկեղեցին, քիչ մը աւելի կ՛ամրապնդեն մեր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը դարերու խորքերէն եկած ու դէպի դարերը գացող` հայ հոգիի ծննդավայր մեր եկեղեցիին հետ:
Այս բոլորը այսօր արդէն աւարտած են. խաղաղութեամբ տոգորուած հոգիները մեկնած են իրենց տուները, բայց մնացած է գեղեցիկ յուշը, այն յուշը, որ մշտապէս պիտի ոգեւորէ մասնակիցներուն հոգին, պիտի արծարծէ հաւատքը ու պիտի կապէ զիրենք մեր ազգային եկեղեցիին:
Սովորաբար հոգեւոր սրբավայրերու տրուած այցելութիւններով աւարտող այս նախաձեռնութիւնը այս տարի շեղեցաւ ծրագիրէն, տրուած ըլլալով, որ երկրին ապահովական պայմանները թոյլ չէին տար այդպիսի նախաձեռնութիւններու: Բայց կայ խոստումը, որ կրնայ իրագործուիլ, անմիջապէս որ յստականայ կացութիւնը: Հաւատացեալները կը սպասեն այդ առիթին:
Կը մաղթենք, որ այսպիսի հոգեւոր նախաձեռնութիւնները անպակաս ըլլան մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, որպէսզի հայ հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուի իր սիրելի Մայր եկեղեցիին շուրջ, ա՛յն եկեղեցիին, որ դարերու ընթացքին մարմնաւորած է մեր ժողովուրդի գոյութեան խորհուրդը, որուն շարականները կը փառաբանեն զԱստուած ու մարդու հոգին կը մղեն վերասլաց ապրումներու:

