Կիրակնօրեայ Խօսքը . Վախճանը Բանաւոր Ոչխարներուն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կարդացինք Աստուծոյ խօսքը` չորրորդ աւետարանիչ Ս. Յովհաննէսէն 10, 22-30 հատուածը, որ կը նկարագրէ Քրիստոսի ճշմարտասաց խօսակցութիւնը` տաքցած եւ Յիսուսը քարկոծել փորձած հրեաներուն հետ:
Առանց իջնելու մանրամասնութեան` յայտնեմ, որ հատուածին մէջ իրարմէ կը զանազանուին երկու խումբեր: Առաջինին կը պատկանին չհաւատացողները` ներկայացուած հրեաներէն, որոնց խորհրդանշանն է ձախակողմեան «այծերը» (Մտթ. 25,33):
Առաջինները հաւատք չեն ընծայեր Յիսուսի ո՛չ խօսքերուն եւ ո՛չ գործերուն, «զորոնք կը կատարեմ իմ Հօրս անունով», կը շեշտէ Քրիստոս` սահմանելով անոնց իրավիճակը. «Որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք»: Օր մը, ուշ թէ կանուխ, անոնք պիտի լսեն արդար Դատաւորին անյետսկոչելի վճիռը. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ, չեմ ճանչնար ձեզ, հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալնե՜ր» (Մտթ. 25,12 եւ 41):
Երկրորդ խումբը կը կազմեն հաւատացեալները` պատկերացուած աջակողմեան «ոչխարներ»-էն, որոնք թէ՛ կը լսեն Յիսուսի ձայնը եւ թէ՛ կը հետեւին Հովիւին:
Բայց ահա, կը տեսնեմ քմծիծաղդ կամ կը մտաբերեմ շատերէն իմ լսած այս առարկութիւնը. «Վարդապե՛տ, մենք ոչխարնե՞ր ենք…»:
Մարգարէները նախատեսեցին ու նկարագրեցին գալիք Մեսիան` Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդն իբրեւ անմեղ Գառնը, անբիծ Գառնուկը եւ անարատ Ոչխարը, որ տարուեցաւ սպանդանոց եւ զոհաբերեց ինքզինքը մարդերուս համար…
– Մարդկօրէն եթէ գառնը տկարութեան ու խեղճութեան պատկերն է, ապա աստուածայնօրէն զօրութեան եւ անմեղութեան խորհրդանիշն է Գառնը:
– Մարդկօրէն եթէ գառնուկը լքուածութեան ու համբերութեան ենթական է, ապա աստուածայնօրէն բարձրացումի եւ փառաւորութեան մարմնացումն է Գառնուկը:
– Մարդկօրէն եթէ ոչխարը տանջանքի ու զենումի առարկան է, ապա աստուածայնօրէն կեանքի եւ յաղթութեան երաշխիքն է Ոչխարը:
Ուստի, երանի՜, եթէ ըլլայինք… Այն ատեն գոնէ արժանի կ՛ըլլայինք այս առանձնաշնորհումին. «Ահաւասիկ, Ես կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ` գայլերու մէջ: … Որովհետեւ աշակերտը գերադաս չէ իր Վարդապետէն» (Մտթ. 10,16 եւ 24):
Հոս, մեր սուրբ հայրերուն վերլուծումով եւ հայ աստուածաշնչագէտներու մեկնութեամբ, աշակերտին ու Վարդապետին նմանութեան եւ նոյնութեան մէջ կը գոյանայ սիրոյ ու հարազատութեան միութիւնը «ոչխարներ»-ուն եւ «Հովիւ»-ին միջեւ` այնքան բնական ու գերբնական, որ Յիսուս Քրիստոս, «բարի ու քաջ Հովիւ»-ը, իբրեւ «Գառն Աստուծոյ կը բառնայ աշխարհի մեղքը» (Յվհ. 1,29) եւ «իր կեանքը կը զոհէ իր ոչխարներուն համար» (Յվհ. 10,12):
Այս սիրազեղ ու հարազատ միութեան շնորհիւ կը դիպի առաջին սքանչելիքը արդէն այս աշխարհին մէջ, որ նախ` Յիսուս պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ` «Ես կը ճանչնամ զանոնք» եւ ապա` ցնծագին կը հաստատէ, թէ` «անոնք կը հետեւին Ինծի» (Յվհ. 10,27):
Այս ճանաչումով ու հետեւողութեան շնորհիւ կը պատահի երկրորդ սքանչելիքը արքայութեան մէջ, ուր` «չեն մտներ չարակամ մարդեր, պիղծեր ու ստախօսներ, այլ` միայն անոնք, որոնք արձանագրուած են Գառնուկին կեանքի մատեանին մէջ» (Յայտ. 21,27):
Հոս, այս հարցումը կը պարտադրէ ինքզինք. «Մենք` ես, դուն եւ ան, ո՞ր խումբին կը պատկանինք` այծերո՞ւն, թէ՞ ոչխարներուն…»: Կը յուսամ եւ կ՛աղօթեմ, որ այն երկրորդներուն, որոնց մասին անյեղլիօրէն շեշտուած է Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ. «Երանի՜ անոնց, որոնք հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքին» (Յայտ. 19,9), ուր` «արդարները արեւի պէս պիտի շողան իրենց Հօր արքայութեան մէջ» (Մտթ. 13,43):
Առաջին խումբին պատկանողները կը ձգեմ Աստուծոյ արդար դատաստանին, իսկ երկրորդին անդամ-անդամուհիներուն մասին կը վկայեմ Յիսուս Քրիստոսի` Աստուածային Վարդապետիս խօսքերով, որոնք երբեք պիտի չանցնին, նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին (Մրկ. 13,31):
Քրիստոսի խօսքերուն հաւատացողներն ու Հովիւին հետեւողները չեն յափշտակուիր մէկէ մը, երբեք չեն կորսուիր, անդամներն են Աստուծոյ ընտանիքին, կը ստանան յաւիտենական կեանքը եւ կը մնան միացած Յիսուսի հետ, Անո՛ր հետ, որ կը ձայնէ արար աշխարհին. «Հայրը եւ Ես մէկ ենք» (Յվհ. 10,30):
Եզրակացութիւնը յստակ է: Հաւատացողներն ու հետեւողները «մէ՛կ» պիտի դառնան Հայր Աստուծոյ եւ Որդի Աստուծոյ հետ` անբաժանելի՛ Աստուած Ս. Հոգիէն:
Այս միութիւնն ու անբաժանելիութիւնը կը մաղթեմ քեզի` միջնորդութեամբ «Հայոց խնկելի Աստուածածին»-ին` Մարիամ Ս. Կոյսին, որ աստուածաշնչական Գառնուկին Մայրն է եւ հետեւաբար Մայրը` Աստուծոյ ընտանիքին:
Այնճար, 10 յունիս 2012

