Քլինթըն Պէտք Է Կրէ Մեղքի Իր Բաժինը Հայ Զինուորներու Սպանութեան Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արիւնալի գործողութիւններուն ողբերգական շարքը կը կրկնուի հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ մարդկային մեծ կորուստներու գնով: Ամէն անգամ, երբ ղարաբաղեան հակամարտութեան նպատակով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցելութիւններ կամ միջազգային հանդիպումներ կը ծրագրուին, Ազրպէյճան անպայման յարձակումներ կ՛իրականացնէ հայ սահմանապահներու դէմ, եւ իբրեւ հետեւանք` բազմաթիւ զոհեր կ՛արձանագրուին:

Ազրպէյճանի ղեկավարները յոյս ունին, որ նման թշնամական գործողութիւններով միջնորդ երկիրներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրեն հակամարտութեան կարգաւորման հրատապութեան վրայ` ճնշում բանեցնելով Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարէ:

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլրրի Քլինթըն այցելեց կովկասեան հանրապետութիւններ: Անոր Երեւան ժամանելու օրն իսկ ազրպէյճանական ուժերը յարձակում գործեցին հայկական երկու դիրքերու վրայ, եւ իբրեւ հետեւանք` երեք զինծառայող զոհուեցաւ, ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան: Յաջորդ օրերուն դարձեալ արձանագրուեցան ազրպէյճանական այլ յարձակումներ, որոնք ստիպեցին հայերը` հակահարուած տալու, որուն հետեւանքով հիմնականօրէն ազրպէյճանական կողմը կրեց տասնեակ կորուստներ:

Հայերը կ՛ակնկալէին, որ առաջին յարձակումէն ետք նախարար Քլինթըն խստօրէն դատապարտէ Ազրպէյճանը: Անկասկած, Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւնը այնպէս մը դասաւորուած էր, որ անիկա համընկնի Քլինթընի Հայաստան կատարած այցելութեան հետ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու նախարարը կոչ ըրաւ երկու պետութիւններուն` զերծ մնալու ռազմական գործողութիւններէ, ընդգծելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամբողջովին «կարելի է լուծել խաղաղ միջոցներով»: Քլինթընի անընդունելի յայտարարութիւնը նախայարձակները հաւասարեցուց զոհերուն հետ: Աւելի՛ն. չդատապարտելով ազրպէյճանական յարձակումները` ան իրականութեան մէջ քաջալերեց Ազրպէյճանը, որ յաւելեալ վայրագ արարքներու դիմէ Հայաստանի դէմ:

Քանի որ բոլորը քաջատեղեակ են, թէ Ազրպէյճանը նմանատիպ յարձակումներ կը ծրագրէ այնպէս մը, որ անոնք համընկնին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` տարածաշրջան այցելութեան հետ, ուստի, մինչեւ ճամբայ ելլելը, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պէտք է զգուշացուցած ըլլար Ազրպէյճանը, որպէսզի ան զերծ մնայ թշնամական որեւէ գործողութենէ` տարածաշրջան իր գտնուած միջոցին:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի կառավարութեան խորհուրդ տուած ըլլար, որ Քլինթընի այցին ընթացքին զինադուլի որեւէ խախտում անձնական վիրաւորանք պիտի համարուի յատկապէ՛ս արտաքին գործոց նախարարին համար` անոր ձգելով միայն մէկ ընտրութիւն` չեղեալ յայտարարել Պաքու իր այցը: Նոյնիսկ եթէ նման զգուշացում նախապէս չէ տրուած, յարձակումներէն ետք Քլինթըն պէտք էր հրաժարէր Պաքու տալիք իր այցէն: Ցաւօք, նախարարը ազրպէյճանական քարիւղը հայկական արիւնէն բարձր գնահատեց: Իր այս քայլերով ան վնաս հասցուց Միացեալ Նահանգներու միջազգային հեղինակութեան եւ բարոյական դիմագիծին:

Նկատի ունենալով, որ ասիկա կրնայ ըլլալ Քլինթընի տարածաշրջան վերջին այցելութիւնը (ան տարեվերջին պիտի հեռանայ պետական ծառայութենէն), ցաւալի է, որ ան իր ետին կը ձգէ բռնութեան եւ հակամարտութեան, այլ ոչ թէ խաղաղութեան եւ հաշտեցման ժառանգութիւն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը հաւանաբար Երեւան եւ Պաքու եկած էր խրախուսելու համար ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը, սակայն տարածաշրջանին մէջ ան աւելի անկայունութիւն յառաջացուց, քան էր նախապէս:

Մէկ այլ գործօն, որ խրախուսեց ազրպէյճանական յարձակումները, 1994-էն ի վեր հայերու կողմէ զինադադարի խախտումներու ոչ արժանի հակահարուած տալն էր: Պարզապէս կրակ արձակելով` հայերը չէին կրնար զսպել ազրպէյճանական յարձակումները: Պէտք էր ձեռնարկուէին այլ քայլեր` հասկցնելու համար ալիեւեան վարչակարգին, թէ զինադուլի խախտումը սուղ պիտի արժէ իրենց: Պատասխան կրակ բանալու փոխարէն` հայերը պէտք է չէզոքացնէին յարձակումներու նախաձեռնող ազրպէյճանական ռազմական դիրքերը:

Թէեւ ոմանք ունին այն մտավախութիւնը, թէ հայերու կողմէ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւնը կը յանգեցնէ լայնատարած բախումներու, այնուամենայնիւ այսպիսի մտահոգութիւններ անտեղի են, որովհետեւ Ազրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմ մղելու, ինչպէս կը փաստէ ռազմական փորձագէտներուն մեծ մասը: Վաղաժամ պատերազմի մը սկսելու պարագային, կայ լուրջ վտանգ, թէ ազրպէյճանցիները կը կորսնցնեն յաւելեալ տարածքներ եւ կ՛ունենան տնտեսական հսկայական կորուստներ:

Ազրպէյճանական հետագայի յարձակումները կանխելու եւ հայկական կողմի զոհերուն թիւը նուազեցնելու նպատակով, ստորեւ ներկայացուած են եօթը առաջարկներ, որոնց կրնայ նախաձեռնել Հայաստանը, եթէ Ազրպէյճան շարունակէ խախտել զինադուլը:

– Հակահարուած տալ` նշանակէտ ունենալով Ազրպէյճանի քարիւղի արդիւնաբերութիւնը` ոչնչացնելով կազատար եւ քարիւղատար խողովակները: Լաւագոյն պաշտպանութիւնը լաւ յարձակումն է:

– Ձեռնարկել քայլելու` չէզոքացնելու համար ազրպէյճանցի արձակազէնները, որոնք պարբերաբար իբրեւ նշանակէտ կ՛ունենան Հայաստանի սահմանապահները եւ մօտակայ գիւղերու խաղաղ բնակչութիւնը:

– Իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք, անորոշ ժամանակով մը դադրեցնել բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ: Կարելի չէ խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ միեւնոյն ժամանակ կռուիլ:

– Պահանջել բոլոր երկիրներէն` զերծ մնալ Ազրպէյճանին զինամթերք վաճառելէ:

– Յորդորել ՀԱՊԿ-ն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն)` պաշտպանական այն դաշինքը, որուն կազմին մէջ են Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզստանը, Ռուսիան, Տաճիկստանն ու Ուզպեքստանը, որ իր կարգին զգուշացնէ Ազրպէյճանը, թէ Հայաստանի դէմ յառաջիկայ որեւէ յարձակումի պարագային, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները հաւաքական ռազմական հակահարուած պիտի տան:

– Յայտարարել, թէ Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցերով Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը համարուի թշնամական արարք, ուստի Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն վերցնել Հայաստանի ստորագրութիւնը:

– Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը` որպէս անկախ պետութիւն եւ հրաւիրել այլ երկիրներ` նոյն կերպով վարուելու:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES