Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Մարզիկները Կը Պատրաստուին Ողիմպիական Խաղերուն

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ սկսած է նախապատրաստուիլ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն:

Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան յատուկ փորձեր կը կատարէ Հայաստանի երկու ծանրաբարձներուն` Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Մելինէ Դալուզեանի (69 քկ) եւ աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուդեանի (75 քկ) հետ:

Կը նախատեսուին շարք մը ուսումնամարզական հաւաքներ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Ներսիսեան ներկայ հանգրուանին հայ մարզիկներուն մարզական վիճակը գնահատեց լաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES