Թենիս. Նալպանտեան Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Եւ Անկէ Կէտեր Խլուեցան

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թենիսի Քուինզ Քլապ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, իրաւարար Էնտրու Մաքտուկալի ոտքին զարկած ըլլալուն համար տասը հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Ատկէ բացի, անկէ խլուեցան մէկ շաբթուան անոր շահած կէտերը:

Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ շատ հաւանաբար անոր դէմ այլ պատիժներ ալ տնօրինուին:

Թէեւ Նալպանտեան 7 – 6 եւ 3 – 3 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը` Մարին Սիլիչը, սակայն յաղթանակը շնորհուեցաւ խրուաթ մարզիկին` նկատի ունենալով, որ ան ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցաւ, որուն պատճառով իրաւարարին ոտքը արիւնեցաւ:

Իր այդ արարքը կատարելէ շատ չանցած, Նալպանտեան ըսաւ. «Գիտեմ, որ կատարածս հարիւր առ հարիւր սխալ էր: Իսկապէս, ներողամիտ կ՛ուզեմ ըլլալ  իրաւարարին: Սակայն շատ յաճախ կ՛ըլլան պահեր, երբ ջղային ըլլալով չես կրնար տիրապետել դուն քեզի»:

Share this Article
CATEGORIES