Սպանական Ֆութպոլ. Ռէալ Վայատոլիտ Բարձրացաւ «Լա Լիկա»

Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն, Ռէալ Վայատոլիտ պարտութեան մատնելէ ետք Ալքորքոնը բարձրացաւ «Լա լիկա»:

Վայատոլիտ, որ 2010-ին փոխադրուած էր Բ. դասակարգ, թէեւ 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին Մատրիտի մէջ 1 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, ապահովեց իր տոմսը:

Նշենք, որ անկէ առաջ ախոյեան Տեփորթիւօ Քորունա եւ Սելթա Վիկօ (երկրորդ) ապահոված էին «Լա լիկա»-ի իրենց տոմսերը:

 

Share this Article
CATEGORIES